Պոլսոյ հայութեան համար երկար տարիներու երազանք մըն էր ունենալ զանգուածային լրատուամիջոց մը։ Այս առթիւ իր պատրիարքութեան շրջանին Մեսրոպ Արք. Եպիսկոպոս պաշտօնի կոչած էր համայնքէն կարգ մը անձեր որպէսզի ուսումնասիրեն ռատիօ կայանի մը հաստատման պայմանները։ Այդ ապարդիւն նախափորձէն տարիներ ետք այս անգամ կեանքի կոչուած է նոր նախաձեռնութիւն մը «Լոյս ԹՎ» անունով։ Ան արդէն ունեցած էր նախափորձի շրջան մը համացանցի վրայ եւ այժմ իր հաղորդումները կը սփռէ «Թիւրքսաթ» արբանեակի միջոցաւ։
Այսպէսով «Լոյս ԹՎ» կը հանդիսանայ Թուրքիոյ առաջին հայկական հեռուստակայա նը որ իր հաղորդումները պիտի կատարէ երկլեզու դրութեամբ։
Իբրեւ «Ակօս» յաջողութիւն կը մաղթենք այս նոր նախաձեռնութեան։