Թուրքիոյ ազգութիւններու խճանկարին մէջ անտեսուած եռանգ մը կը ներկայացնեն Անտիոքի եւ շրջակայքի արաբախօս ուղղափառները։ Անոնք իբրեւ տարածքաշրջանի հնագոյն ժողովուրդներէն մին, լուրջ տարակարծութիւններ կ՚ապրին իրենց ազգային պատկանելիութեան մասին։ Ոմանց համաձայն քրիստոնեայ արաբներ են, իսկ ոմանց համաձայն ալ արաբական մշակոյթի ազդեցութեան տակ մայրենին մոռացած յոյներ։ Այնպէս կամ այսպէս իրենց բնօրրանին մէջ կարեւոր տարր մը ըլլալով ներկայացող Անտիոքնի արաբախօս ուղղափառները այժմ ունին իրենց յատուկ «nehna.org» կայքէջը։ 15 Հոկտեմբերէն սկսեալ գործող հարթակի վրայ յօդուածներ եւ հարցազրոյցներ պիտի հրատարակուին այդ տոհմի հոգեւոր, պատմական եւ ընկերական հարցերու շրուջ։ Պիտի ծանօթացուի արաբախօս ուղղափառներու երաժշտութեան, խոհանոցին եւ կենցաղին մասին տեղեկութիւններ։ «Ակօս»ի աշխատակից Իշխան Էրտինչ այս առթիւ զրուցեց կայքէջի հիմնադրներէն Էմրէ Ճան Տաղլըօղլուի եւ Աննա Մարիա Պէյրունիօղլուի հետ։
Այսպէս Էմրէ Ճանի բացատրութիւնով կ՚իմանանք կայքէջի անուան բացայայտումը։ «Նեհնա Անտիոքի Սուրիոյ եւ Լիբանանի տարածուն խօսակցական լեզուի՝ Տամասկոստի բարբառին մէջ կը նշանակէ «մենք»։ Մեր համայնքին զանազան կոչումներ կը վերագրուին։ Համաձայնութիւն մը չէ գոյացած։ Անտիոքի ուղղափառներ, Անտիոքի յոյն ուղղափառներ, արաբախօս յոյն ուղղափառներ կամ ալ արաբերէն բացատրութիւններ ըլլլաով մեսիհիներ կամ նասրանիներու նման կոչումներ կը գործածուին։ Մենք ուզեցինք այդ բոլորը գերազանցող կոչումով սահմանափակումներէ զերծ անուն մը օգտագործել եւ որոշեցինք Նեհնան»։
Աննա Մարիա Պէյրունիօղլու ալ ինքնութեան տարակարծութիւններու մասին կ՚ըսէ հետեւեալը. «Յատկապէս Իսթանպուլ գալով պոլսեցի յոյներուն հետ հանդիպող Անտիոքի ուղղափառները առերեսուեցան իրենց վերագրուած ինքնութիւններու հետ։ Ոմանք կ՚ըսէին թէ «Այո, դուք յոյն ուղղափառներ էք» կամ ալ ընդ հակառակը «Դուք արաբ քրիստոնեաներ էք»։ Ճիշդ է որ մեր եկեղեցին կը կոչուի Յոյն Ուղղափառ եւ կապուած է Անտիոքի Պատրիարքարանին։ Բայց ընկերաբանական առումով եւ արաբերէնի ազդեցութեամբ ինքզինք արաբ ուղղափառ ըլլալով ներկայացնողներ ալ կան։ Նորակազմ հարթակը կ՚ուզենք որ ընդգրկէ այս բոլոր տարակարծութիւնները, հաւաքէ մէկ երդիկի տակ եւ ներկայացնէ «մենք»ը»։
Էմրէ Ճան Տաղլըօղլու Անտիոքի ուղղափառներուն Թուրքիոյ ազգութիւններու խճանկարին մէջ նուազ տեսանելի ըլլլալը կը բացատրէ հետեւեալ կերպով. «Մենք Անտիոքի մէջ խտացած համայնք որպէս ո՞վ ըլլալնուս, ինչպէ՞ս ապրելնուս կամ մեր մշակոյթի մասին բացատրութիւններ տալու պահանջը չենք զգացած։ Գիտենք թէ Անտիոք պատմականօրէն բազմակրօն եւ բազմազգի քաղաք մը եղած է։ Այդ առումով ի տարբերութիւն Թուրքիոյ այլ քաղաքներէն, Անտիոքի մէջ ինքնութեան խնդիրներ չենք ապրիր։ Երկրորդ գործօն մըն ալ Անտիոք կեդրոնախոյս քաղաք մըն է։ Երրորդ գործօն մըն ալ Անտիոք շատ ուշ, 1939-ին մաս կազմեց Թուրքիոյ։ Այդ առումով ալ զերծ մնացինք ազգամիջեան կռիւներէ կամ կրօնական խտարականութենէ»։
Աննա Մարիա Պէյրունիօղլու ալ նոյն նիւթին ակնարկելով կը նշէ թէ ինչպէս բոլոր ազգային կամ կրօնական փոքրամասնութիւնները Անտիոքի արաբախօս ուղղափառներն ալ միատարր հաւաքականութիւն մը չեն։ Այդ պայմաններու մէջ համայնքը ներկայացնելու խնդիրը մերթ ընդ մերթ ճակատումներու ալ պատճառ կը դառնայ։ Նեհնա նախաձեռնութիւնը կը նպատակադրէ նման բեւեռացումները յաղթահարել։ «Այսպէս մենք նպատակադրած ենք ինքնութեան վերաբերեալ մատենագրութիւն մը գոյացնել։ Յօդուածներով եւ հարցազրոյցներով գոյանալիք այդ մատենագրութեան մէջ լեզուական, հոգեւոր արարողակարգի, մերթ ընդ մերթ այդ արարողակարգի հետ զուգահեռներ կազմող խոհանոցի սովորութիւններու եւ երաժշտութեան նիւթեր պիտի կուտակուին։ Անցեալէն մինչեւ օրերս մեր կենցաղը հետքեր թողած է մեր ճարտարապետական աւանդութեան վրայ։ Պիտի ունենանք լուսանկարչական հաւաքածոյ մը, որոնք հետաքրքիրներուն պիտի ներկայացուին լրացուցիչ տեղեկութիւններով։
Էմրէ Ճան Տաղլըօղլու Նահնայի ազդեցութեան գօտին կ՚ընդլայնէ ներառելով Անտիոքի արաբախօս ուղղափառներու սփիւռքը։ «Յատկապէս ԺԹ դարու վերջերէն սկսեալ աշխարհի զանազան վայրերուն արտագաղթ մը տեղի ունեցած է։ Բացի Թուրքիոյ որոշ քաղաքներէ, Եւրոպայի տարածքին ալ զգալի սփիւռք մը գոյացած է։ Պիտի փորձենք այդ զանգուածին իր մշակոյթը Եւորպայի մէջ պահելու փորձեր ալ փոխանցել։ Կայքէջի հիմնադիրներէն Ֆերիթ Թեքպաշ Գերմանիա կը բնակի եւ այդտեղի համայնքի օրակարգէն յօդուածներով եւ հարցալրոյցներով պիտի նպաստէ կայքէջին»։
Զրոյցի այս հանգրուանին Իշխան Էրտինչ կը հետաքրքրուի բնակչութեան մասին թուային տուեալներով։ Յայտնի է թէ արաբախօս ուղղափառներու համար ալ յստակ տուեալներ կը բացակային եւ նիւթը կը ներկայանայ ենթադրական թիւերով։ Այսպէս Անտիոքի շրջանին մէջ բնակողները 7 հազարի շուրջ են։ Եւորպա գաղթածներով այդ թիւը կը հասնի 20 հազարի։ Միւս կողմէ օրէ օր կ՚աւելնայ Պոլսոյ յոյն համայնքին միացող արաբախօս ուղղափառներու թիւը։
Արաբախօս ուղղափառները մեծաւմասամբ կը բաժնեն Թուրքիոյ ազգային կամ կրօնական փոքրամասնութիւններուն վիճակած խնդիրները։ Էմրէ Ճան Տաղլըօղլու կը նշէ թէ նախ եւ առաջ ունին օրինական ինքնութիւն մը չունենալու խնդիրը։ Եկեղեցական հիմնարկներուն կալուած ունենալնուն դէմ դրուած արգելքներէ բացի անցեալին գրաւուած կարգ մը կալուածներուն վերատիրանալու համար ալ աշխատանք կը տանին։ Արաբախօս ուղղափառները եւս ստիպուած են իրենց հոգեւորականներուն ապրուստը ստանձնելու ծանր բեռը տանելու։ «Մենք նաեւ զրկուած են Լոզանի Դաշնագրի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն ընդձեռած կարգ մը իրաւունքներէն։ Օրինակի համար մայրենի լեզուով դասաւանդող դպրոցներ չենք ունեցած» ըսաւ Էմրէ Ճան Տաղլըօղլու։
Ամէն պարագայի ինքնութեան հարցը կը շարունակէ գլխաւոր հարցականը մնալու։ Այս մասին Աննա Մարիա Պէյրունիօղլու կը յայտնէ թէ իրենք իբրեւ եկեղեցի մաս կը կազմեն Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ։ Հետեւաբար մաս կը կազմեն նաեւ Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքարանին։ «Մեր արաբախօս ըլլալը Պոլսոյ յոյն համայնքին կողմէ խտրականութեան ենթարկուելու պատճառ կը դառնայ։ Պոլսաբնակ յոյները իրենք զիրենք աւելի սահմանափակ կը բնութագրեն։ Ճիշդ է որ արաբախօս ենք եւ արաբերէնի հետ ալ հաշտուած։ Հաշտուած ենք նաեւ աշխարհագրութեան թելադրած մշակութային յատկանիշներուն հետ։ Ուրեմն չենք կրնար ուրանալ արաբութիւնը։ Հետեւաբար յատկապէս Պոլսոյ յոյն համայնքին հետ հանդիպելէ ետք ծագած -Արա՞բ ենք, թէ յոյն ենք- բանավէճը մեր համայնքի կարեւորագոյն հարցը ըլլալով կը շարունակուի։ Անշուշտ որ այս երեւոյթը կը դժուարացնէ Իսթապուլի յոյն համայնքին հետ յարմարուելու նիւթը։ Մօտ անցեալին «Իսթոս» հրատարակչատան մատենաշարէն լոյս տեսած «Արաբախօս Արեւելեան Ուղղափառները» անուն գրքի մէջ ալ այս նիւթը արծարծած էինք։ Այնտեղ զրուցակիցներ «Ես զիս յոյն ըլլալով կ՚ընդունիմ, բայց պոլսեցի յոյները ինծի արաբ ըլլալով կը տեսնեն» կամ ալ «Ես զիս արաբ կ՚ընդունիմ, բայց կը պատկանիմ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիին, բայց պոլսեցի յոյները կը մերժեն այս իրողութիւնը»։ Ձեւով մը «Փոքրամասնութեան մէջ փոքրամասնութիւն» կը համարուինք»։
Իշխան Էրտինչ կը շարունակէ հարցնել՝ «Արդեօք ի՞նչ հակազդեցութիւններ ունեցաք հարթակը հիմնելու ընթացքին»։ Էմրէ Ճան այս հարցումին կը պատասխանէ ըսելով. «Հասարակութիւնը կարիքը ունէր այս բանին, բայց մինչեւ օրս չէր իրականացած։ Հարթակի հիմնադիրներէն Ֆերիթ Թեքպաշի հրաւէրով մէկտեղուեցանք։ Այդ միջոցին տարածքաշրջանէն ալ շատ դրական արձագանգներ ստացանք։ Որոշած ենք հասարակութեան առկայ բանավէճերուն մէջ կողմ չ՚ըլլալ։ Խնդիրները առանց յետաձգելու, խօսելէ առանց խուսափելու կարելի եղածին չափ բազմաբնոյթ քննարկումներու գետին մը պատրաստել կ՚ուզենք։ Այդ առումով ալ ատելութեան պատգամէ զերծ բոլոր կարծիքներու բաց պիտի ըլլանք» կ՚ըսէ Էմրէ Ճան։
Իսկ Աննա Մարիա Պէյրունիօղլու կը նշէ թէ նախաձեռնութեան հիմնադիրները վեց հոգինոց խմբակցութիւն մըն են։ Ֆերիթ Թեքպաշ կը բնակի Գերմանիոյ Քէօրլն քաղաքը։ Ճան Թերպիյէլին կայ մեր կազմին մէջ, որ Իսքենտերունէն է եւ ներկայիս Իսթանպուլի մէջ փաստաբանութիւնով կը զբաղի։ Միշել Ույար Գարակէօզեանի մէջ ուսուցիչ էր, որ վերջերս Իսքենտերուն փոխադրուեցաւ։ Քեթրին Քէօփրիւ Գաղթի Համաշխարհային Կազմի աշխատակից է։ Վերջապէս ես եւ Էմրէ Ճան բոլորս ալ ուսումնասիրութիւններ կը կատարենք մեր մշակոյթին եւ պատմութեան մասին։
Էմրէ Ճան վրայ կը բերէ աւելցնելով թէ հիմնադիրները թէեւ վեց հոգի են, բայց անդին ունին գրողներու լոյն շրջանակ մը։
Իշխան Էրտինչ օրակարգի կը բերէ մի այլ կարեւոր խնդիր։ Արդեօք կա՞ն Պոլիս գալով ուծացման երեւոյթներ։ «Կա՛ն» կը պատասխանէ Աննա Մարիան։ «Իսթանպուլ գալով ինքզինք պոլսեցի յոյներուն ընդունել տալու մարմաջին մատնուողներ կան։ Պոլսեցի յոյներուն երբ հարցնես թէ երկիրդ ո՞ւր է, բոլորն ալ Իսթանպուլ կ՚ըսեն։ Ընտանեօք Անտիոքէն Իսթանպուլ եկած, այստեղի յունաց վարժարաններ յաճախած մէկու մը երբ նոյն հարցումը ուղղուի անվարան կը լսէք «Յունաստան» պատասխանը»։ Էմրէ Ճան նոյն նիւթի վրայ կը բերէ հետեւեալ խօսքերը. «Ափսոս որ Իսթանպուլի, Զմիւռնիոյ եւ Իմրոզի յոյներու թիւը բաւականին նօսրացած է։ Իրենց հաստատութիւնը պահելու համար կարիքը ունին նոր ուժի մը։ Ահա այդ ուժը ձեռք կը բերեն Անտիոքի արաբախօս ուղղափառներու միջոցաւ։ Պոլսոյ բոլոր եկեղեցիներու ժամկոչները Անտիոքէն եկածներ են։ Անոնք են նաեւ դպրոցներու տնտեսները։ Նոյնիսկ կարելի է ըսել դպրոցները բաց պահելու միակ միջոցը այդ ժողովուրդի ներկայութիւնով կարելի կ՚ըլլայ։ Այս ալ իր հետ կը բերէ ուծացման անխուսափելի հետեւանքներ»։