Թրքական մամուլի երկարամեայ աշխատակից Սամի Քոհեն մահացաւ 93 տարեկանին։
Ան որդին էր դարձեալ լրագրող Ալպերտ Քոհենի։ 1928 թուին ծնած Սամի Քոհեն լրագրական ասպարէզ մտաւ իր հօր հիմնած լատինօ եւ ֆրանսերէն երկլեզու «Թուրքիոյ Ձայնը» թերթին մէջ։ Ալպերտ Քոհեն նաեւ կ՚աշխատէր Իսթանպուլի «Սելանիք Պանքասը» դրամատան մէջ։ Քոհեններու ընտանիքը շատ ծանր հարուած մը ստացան 1942 թուին գործադրուած «Ունեւորութեան տուրք»ի պատճառաւ։
Սամի Քոհեն այդ դժուար շրջանը կը պատմէր հետեւեալ կերպով. «Հայրս դրամատան աշխատող ըլլալով յաջողեցաւ պարտք վերցնել եւ ապա վճառել։Եթէ ոչ հաւանաբար ինք ալ պիտի հարկադրուէր մեր բարեկամներու նման Աշքալէի ճամբարները պարտադիր աշխատանքի երթալու։ Բնականաբար այս խնդիրը խորապէս ցնցեց զիս։ Մենք ազգասէր միջավայրի մը մէջ մեծցած ենք։ Մեր թերթը Երզնկայի երկրաշարժէն ետք հրեայ սփիւռքին ուղղեալ օգնութեան կոչ ըրած էր։ Իսկ պետութիւնը կու գար այդ թերթը փլելու պատճառ դառնալիք ծանր հարկ մը պարտադրելու։ Անշուշտ հայրս չէր կրնար հանդուրժել, տուրքը վճարեցինք, բայց եղածը եղաւ»։
1954-ին Ապտի Իփեքճիի հրաւէրով «Միլլիյեթ» թերթի մէջ արտաքին լուրերու ղեկավար եւ արտաքին քաղաքականութեան յօդուածագիր ըլլալով աշխատանքի լծուած Սամի Քոհեն այդ առաքելութիւնը շարունակեց մօտ 70 տարիներ։
Քոհեն «Միլլիյեթ»ի կողքին աշխատակցեցաւ «Նիուզուիք», «Տը Կարտիըն» թերթերուն եւ զանազան պարբերականներու համար ալ յօդուածներ ստորագրեց։ Ան ասպարէզին մտած օրերուն մասին «Ակօս»ի աշխատակից Ռիթա էնտերին կը պատմէ հետեւեալ վկայութիւնը. «Օր մը «Ենի Իսթանպուլ» թերթի սեփականատէր Հապիպ Էտիպ Թէօրէհան զիս քովը կանչեց ու ըսաւ –Գրութիւններդ շատ լաւ կը ստացուին։ Բայց իմ շրջանակէն կարգ մը մարդիկ կը հարցնեն թէ ի՞նչ է այս Քոհեն ազգանունը։ Ես կը դժուարանանմ բացատրելու։ Միասնաբար ծածկանուն մը գտնենք որպէսզի աւելի հեշտ ըլլայ։- Վճռակամօրէն ո՛չ պատասխանեցի։ Չեմ ուզեր որ ձեր բարեկամներուն դիմաց դժուար կացութեան մատնուիք։ Հետեւաբար արտօնութիւն կը խնդրեմ։ Իրեն բացատրեցի թէ Քոհեն ազգանունը հօրմէս ժառանգ է եւ այդ ժառանգին չեմ դաւաճանէր։ Համաձայնեցաւ եւ անգամ մըն ալ այդ նիւթը չբացաւ իմ դիմաց»։
Սամի Քոհենի վերջին գրութիւնը լոյս տեսաւ սոյն տարուայ Ապրիլ ամսուան մէջ։ Ան նախորդ տարի ալ արժանացած էր Արտաքին Գործոց Նախարարութեան գերազանց ծառայութեան մրցանակին։ Թուրքիոյ հրեայ համայնքն ալ Քոհենի մահուան արձագանգեց «Լրագրողութեան վաստակաւոր անդամը եւ մեր համայնքի պարծանք անձնաւորութիւնը Սամի Քոհենի մահուան թախիծը կ՚ապրինք» գրառումով։ (Շալոմ-Միլլիյեթ-Հիւրրիյեթ)