Համաշխարհային տարեցոյցի վրայ 11 Հոկտեմբեր թուականը նշուած է իբրեւ աղջիկ զաւակներու միջազգային օր։ Կ՚արժէ խորհիլ թէ ինչո՞ւ համար կարիք կը զգացուի յատուկ օր մը նշանակելու տարեցներու, բանուորներու, մայրերու, կանանց, կամ յատկապէս աղջիկ զաւակներու համար։ Հաւանաբար առաջին հերթին պիտի մտաբերենք այն վարկածը ըստ որու այս տեսակի օրերը կը շեշտուին հասարակութեան ուշադրութիւնը ուղղելու համար զանազան պատճառներով տուժածներու խնդիրներուն։
Հասկնալի է բանուորներու օրը քանի որ արդիւնաբերութիւնը հիմնուած է անոնց ճակտի քրտինքին եւ հարստութիւնն ալ այդ նոյն աշխատուժի կեղեքման վրայ։
Փորձով գիտենք թէ հարստութիւն դիզելը համազօր է աղքատութեան աճով միայն։ Կշիռքին վրայ հարուստներու նժարին բարձրացման համար պայման է աղքատներու նժարին դէպի ներքեւ իջնելը։ Տարեցները նոյնպէս ծերանալով կը կորսնցնեն իրենց աշխատանքային կարողութիւնը եւ հետզհետէ դժուար տանելի բեռի մը վերածուին երկրի բնակչութեան եւ շատ անգամ նոյնիսկ սեփական ընտանիքի մէջ։
Կիները նոյնպէս այրիշխան ընկերային համակարգի մը մէջ տուժածներն են։ Արդի ժամանակներու նոյնիսկ գերարդի հասկացողութիւնները տակաւին շատ հեռու են էգ ու արու մարդկանց միջեւ հաւասարութիւն մը հաստատելէ։
Օրինակները կարելի է շարունակել հաշմանդամներով եւ զանազան եղանակներով անիրաւուածներով։
Իսկ մենք հաւատարիմ մնանք օրուայ հրամայականին եւ ծանրանանք աղջիկ զաւակներու հանդէպ գործադրուած խտրականութեան։
«Քովիտ 19»ի համավարակի դէմ փողոց ելլելու արգիլուած օրերէն դրուագ մը կը յիշեմ։ Փողոց ելլելու արգելքը ոտնակոխած տարեց երեւանցի մը կ՚առարկէր այդ արգելքին «Մենք քաղաքակիրթ, ուտող-խմող ժողովուրդ ենք, վիրուսը մեզ ո՞նց կը կպի»։ Այդ պահուն մտաբերած էի Հայաստանի հասարակութեան մէջ սեռով պայմանաւորուած յղիութեան ընդհատումներու համատարած երեւոյթը։ Ամուսիններ ուլթրասոնի դրութեամբ տեղեկանալով արու զաւակի մը բացակայութիւնը կը դիմեն յղութիւնը վերջացնելու։ Անշուշտ որ այս հիւանդագին երեւոյթը սահմանուած չէ Հայաստանով, բայց նաեւ պարտինք ընդունիլ թէ նման մերձեցում որդեգրած հասարակութիւնը կարելի չէ «քաղաքակիրթ» անուանել։
Նման խնդիր ունեցող հասարակութեան մէջ անբաւարար է միայն 11 Հոկտեմբեր թուականը։ Պէտք է ընդմիշտ եւ անընդհատ օրակարգի վրայ ունենալ քաղաքակիրթ կոչուած հասարակութեան թելադրած վարկագիծը։
Այս պահուն կու գամ ձայնակցելու Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը Արման Թաթոյեանի ուղերձը։
«Աղջիկ երեխաները մեր կեանքը լցնում են վառ գոյներով ու երջանկութեամբ, տալիս են կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու անսպառ ներուժ։
Չպէտք է թոյլ տանք, որ մեր աղջիկ երեխաները դառնան մեր թուացեալ վախերի զոհը, որ մեր կարծրատիպերի պատճառով ձախողուի նրանց կեանքի ճանապարհը։
Սա աղջիկ երեխաների այս միջազգային օրուայ սկզբունքային նշանաւորում է։ Պէտք է նրանց համար ստեղծենք հաւասար պայմաններ, հնարաւորութիւն տանք աղջիկ երեխաներին մասնակցել իրենց վերաբերող որոշումների կայացմանը։
Սեռով պայմանաւորուած յղիութեան ընդհատումները, կրթութիւնից դուրս մնալը, բռնութեան ենթարկուելու արատաւոր երեւոյթները պէտք է ամբողջութեամբ դուրս մղուեն մեր հասարակութիւնից։
Պէտք է գիտակցենք, որ մեզանից իւրաքանչիւրն ունի իր բաժին պատասխանատուութիւնն այս բոլոր հարցերում»։
pakrates@yahoo.com