«Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինք սպանուած էր 19 Յունուար 2007 թուականին։ Տինք ընտանիքը այս ոճրի գործադրման մէջ ծառայողական թերացում ունենալու մեղադրանքով հատուցում պահանջած էր Ներքին Գործոց Նախարարութենէն։
Իսթանպուլի Վեցերորդ Վարչական Ատեանը նկատի ունենալով Հրանդ Տինքին իր կարգ մը յօդուածներուն պատճառաւ բացայայտօրէն վտանգուած ըլլալու իրողութիւնը, պատշաճ կանխամիջոցներու դիմած չ՚ըլլալով մահափորձին տեղի տալու մեղադրանք բեռցուցած էր նախարարութեան։ Դատարանը վճռած էր 466 հազար 781 Լիրա նիւթական եւ 600 հազար Լիրա ալ բարոյական հատուցման։
«Սապահ» թերթի թղթակից Իլքեր Թուրաքի լրատուութեան համաձայն նախարարութիւնը վճիռին առարկելով դիմած է Խորհրդակցական Ատեան։ Իսկ այս ատեանն ալ տեղին գտած է դատարանին վճիռը եւ մերժած է նախարարութեան առարկութիւնը։