ՀՀՎարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան Նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Փութին իր հիւրը դիմաւորելու պահուն ընդգծեց անհատական հանդիպումներու խնդիրներու լուծման ուղղեալ դրական արդիւնքներուն։ «Թէ պաշտօնական եւ թէ անպաշտօն միջավայրի մէջ պիտի զրուցենք։ Միասին պիտի ընթրենք եւ այժմու խնդիրները պիտի քննարկենք։ Պիտի իմանանք իրարու ակնկալութիւնները։ Մօտ ապագային պիտի կայանայ Անկախ Պետութիւններու գագաթնաժողովը։ Թէ այդ նիւթի եւ թէ տարածքաշրջանի խնդիրներուն մասին գործակցիլ կ՚ուզենք։ Ուրախ եմ ձեզ տեսնելով եւ բարի գալուստ կը մաղթեմ»։ Փութինի այս խօսքերուն պատասխանելով Փաշինեան ալ շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին համար եւ ընդգծեց որ այս տարուայ ընթացքին չորրորդ հանդնպումն է որ կ՚իրականանայ։ «Ըստ ինձ այս տեսակի յաճախակի հանդիպումները ապացոյցն են մեր ռազմավարական գործընկերութեան։ Անշուշտ որ թէ մեր տարածքաշրջանի մէջ եւ թէ աշխարհի տարբեր անկիւններուն հրատապ զարգացումներ կ՚արձանագրուին։ Այս պայմաններու տակ կարեւոր են համագործակցող կողմերու երկխօսութիւնը։ Ափսոս որ մեր տարածքաշրջանին վրայ իրավիճակը կայունութիւն չէ ստացած։ Ինչպէս դուք ալ նկատած էք Արցախի խնդիրը լուծում չէ գտած։ ԵԱՀԿ-ի Մինսկեան խմբակի համանախագահ երկիր որպէս խնդիրներու լուծման եւ տարածքաշրջանի անվտանգութեան առումով Ռուսիան կարեւոր դերակատարութիւն ունի» ըսաւ Վարչապետ Փաշինեան։
Հանդիպումէն ետք Հայաստանի վարչապետը «թուիթըր»եան գրառումով մը յայտնեց թէ Փութինի հետ հանդիպումը արդիւնաւէտ եղած է։ «Թէ երկկողմ եւ թէ տարածքաշրջանի առումով զրուցեցինք։ Մեր համաձայնած նիւթերը գործնականի վերածելու համար պիտի շարունակենք այս տեսակի շփումները»։