Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակին այս տարի արժանի գտնուեցան երկու լրագրողներ՝ Փիլիպեան կղզիներէն Մարիա Ռեսսա եւ Ռուսաստանէն Տիմիթրի Մուրատով։ Մարիա Ռեսսա 15 Սեպտեմբերին ալ ստացած էր այս տարուայ Հրանդ Տինք մրցանակը։ Նոպելի մրցանակի յանձնախումբը այս մասին կատարած յայտարարութեան մէջ կը նշէ թէ երկու լրագրողները 329 թեկնածուներու մէջէն ընտրուած են իրենց երկիրներէ ներս խօսքի իրաւունքը քաջաբար պաշտանելնուն համար։
«Ազատ, անկախ եւ իրողութեան հիմքով լրագրողութիւնը կը ծառայէ ուժին չարաշահման, սուտին եւ ռազմատենչ քարոզչութեան դէմ մարդկութիւնը խնայելու»։
Մարիա Ռեսսա Փիլիպեան կղզիներու համար Նոպելեան մրցանակի առաջին դափնեկիրն է։ Ան 2012-ին հիմնած է «Ռափլեր» լրատու գործակալութիւնը։
Տիմիթրի Մուրատով իբրեւ պրպտող լրագրող 1993-ին հիմնած էր «Նովայա Կազեթէ» թերթը, որուն ընդհանուր վարիչն է մինչեւ օրս։
Հրանդ Տինք Հիմնարկը եւս շնորհաւորեց Հրանդ Տինք Մրցանակի դափնեկիր Մարիա Ռեսսան։