ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Աւագ

Բառ մը, որ կը ծնի մայ­­րե­­­նիի պտղա­­բեր ար­­գանդին մէջ - կամ կը վա­­յելէ անոր գուրգու­­րանքը, եթէ որ­­դեգրո­­ւած էր ան – կ՚ապ­­րի մեծ­­նա­­­լու կիր­­քով։ Ինչպէս խո­­հարար մը, որ տա­­րինե­­րու փոր­­ձա­­­ռու­­թե­­­նէ, եփե­­լէ, տապ­­կե­­­լէ, խա­­շելէ, խառ­­կե­­­լէ եւ խո­­րովե­­լէ յե­­տոյ կը դառ­­նայ «Աւագ խո­­հարար», նա­­ւաս­­տին՝ «Նա­­ւակի աւագ», զի­­նուո­­րակա­­նը՝ «Աւագ սպայ», «Աւագ զօ­­րավար» կամ «Աւագ հրա­­մանա­­տար»։ Այ­­սօր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, կը վա­­յելենք «աւագ» բա­­ռի ոդի­­սակա­­նը։ Անոր պատ­­մութեան մէջ դուք գրա­­կան մե­­ծու­­թիւննե­­րէ աւե­­լի պի­­տի տես­­նէք հա­­մես­­տութիւն մը, քան­­զի այդ բա­­ռը չսի­­րեց ըլ­­լալ բարձրա­­ձայն, ո՛չ ալ ու­­նե­­­ցաւ ամէն գիր­­քի եւ գրա­­կանու­­թեան մէջ յայտնո­­ւած ըլ­­լա­­­լու հա­­ւակ­­նութիւ­­նը։ «Աւագ» բա­­ռը, որ «մեծ, երե­­ւելի եւ պա­­տուա­­կան» պէտք էր որ ըլ­­լար, իր ամ­­բողջ պատ­­մութեան մէջ պա­­հեց մե­­ծերուն յա­­տուկ ծան­­րակշիռ լռու­­թիւն մը։ Ահա անոր զուսպ ոդի­­սակա­­նը։

Ան­­յայտ է «աւագ» ածա­­կանի ծա­­գու­­մը։ Բազ­­մա­­­թիւ այ­­րեր փոր­­ձեր են անոր լե­­զուա­­կան պատ­­կա­­­նելիու­­թիւնը ստու­­գել։ Բո­­լոր ջան­­քե­­­րը մին­­չեւ այ­­սօր կը մ­­նան ապար­­դիւն։ Սա­­կայն, բա­­ռի մը ար­­ժէ­­­քը, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, մենք չենք չա­­փեր իր բնիկ հայ­­կա­­­կան կամ փո­­խառու­­թիւն ըլ­­լա­­­լու հան­­գա­­­ման­­քով։ Մենք կը սի­­րենք ծա­­ռայա­­սէր բա­­ռեր, այն բա­­ռերը, որոնք մեր մտքի ու սրտի խո­­րու­­թիւննե­­րուն թարգմանն են։ Այդ դա­­սակար­­գի բառ է «աւագ»։

«Աւագ» բա­­ռը, ըստ մեր բա­­ռարան­­նե­­­րու եւ հաս­­կա­­­ցողու­­թեան՝ տա­­րիքով մեծն է, երէ­­ցը, ամե­­նամե­­ծը, գլխա­­ւորը, կո­­չու­­մով եւ պաշ­­տօ­­­նով աւե­­լի բարձրը։ Ան երկրի դի­­ւանա­­գիտա­­կան կազ­­մի պա­­րագ­­լուխն է, ինչպէս նաեւ ազ­­նո­­­ւակա­­նու­­թեան բարձր խա­­ւին պատ­­կա­­­նողը։ Ու­­սումնա­­կան կեան­­քի մէջ վեր­­ջինն է ան, ինչպէս «Աւագ դա­­սարա­­նը» եւ «Աւագ դպրո­­ցը»։

Գրա­­ւոր հա­­յերէ­­նի անդրա­­նիկ ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւն Աս­­տո­­­ւածա­­շունչի մէջ հայ­­կա­­­կան բազ­­մա­­­թիւ բա­­ռեր երբ կը յայտնո­­ւին հա­­րիւ­­րա­­­ւոր ան­­գամներ, «աւագ» ածա­­կանը եւ անոր բա­­ղադ­­րութիւննե­­րը կը ներ­­կա­­­յացան աւե­­լի նո­­ւազ քան քսան ան­­գամ։ Սուրբ Գիր­­քի մէջ կայ «աւա­­գամե­­ծար», «աւա­­գափող», «աւա­­գոյթ», «աւա­­գու­­թիւն» եւ պատ­­մա­­­կան մեծ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նե­­­ցող «աւա­­գանի» բա­­ռերը։

«Աւագ» բա­­ռի հա­­մար բա­­ղադ­­րեալ բա­­ռերու թի­­ւի մէջ ալ չէր մե­­ծու­­թիւնը, այլ ծա­­ռայու­­թեան վսե­­մու­­թեան մէջ։ Դուք ին­­ծի իրա­­ւունք կու տաք, երբ հի­­մա կար­­դաք, թէ հա­­յը «աւագ» բա­­ռը ո՛ւր եւ ե՛րբ գոր­­ծա­­­ծեց. «Աւագ շա­­բաթ», «Աւագ Ուրբաթ», «Աւագ սե­­ղան»։ Ինչպէ՞ս նկա­­րագ­­րել գե­­րապա­­տիւ ու վսե­­մական տա­­ճար­­նե­­­րը։ Այդ նպա­­տակով շի­­նեցինք մէկ այլ ըս­­տիր ածա­­կան՝ «Աւա­­գամե­­ծար»։ Նոյն օրե­­րուն հայ­­կա­­­կան նշա­­նաւոր հե­­ծելա­­զօր­­քը ու­­նէր իր գլխա­­ւորը՝ «հե­­ծելա­­ւագ»։ Նա­­խարա­­րական Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ ու­­նէինք աշ­­խարհիկ ազ­­նո­­­ւակա­­նու­­թեան վեր­­նա­­­խաւ՝ «աւա­­գանի», առա­­ջանա­­կարգ եւ հզօր նա­­հապետ­­նե­­­րը, նա­­խարար­­նե­­­րը եւ տա­­նու­­տէ­­­րերը։ Այս բա­­ռը նաեւ մար­­դա­­­ցաւ։ Ու­­նե­­­ցանք՝ աւագ քա­­հանա­­ներ, աւագ հո­­գեւո­­րական­­ներ եւ աւագ եղ­­բայրներ, մեր պե­­տակա­­նու­­թեան հին փառ­­քի օրե­­րուն՝ «Աւագ իշ­­խանք Հա­­յոց»։ 13-րդ դա­­րէն սկսեալ որո­­շեցինք մեր զա­­ւակ­­նե­­­րը անուանել Աւագ։ Նման որոշում մըն ալ տո­­ւեր էին գեր­­մա­­­նացի­­ները իրենց զա­­ւակ­­նե­­­րը մկրտե­­լով Max, որ կը յա­­ռաջա­­նայ լա­­տինե­­րէն maximus՝ «մե­­ծագոյն» բա­­ռէն։ Հայ­­կա­­­կան Աւա­­գը ու­­նե­­­ցաւ երեք «զա­­ւակ». Աւագ­­շահ, Աւագ­­պա­­­րոն եւ Աւագ­­տի­­­կին։ Վեր­­ջիննե­­րը շատ ժո­­ղովրդա­­կանու­­թիւն չվա­­յելե­­ցին, սա­­կայն Աւագ անու­­նը եւ Աւա­­գեան մա­­կանու­­նը կը շա­­րու­­նա­­­կեն անո­­ւանա­­ցան­­կե­­­րու վրայ մնալ։ Հին օրե­­րուն ծե­­րու­­թիւնն ալ ու­­նէր իր վսե­­մու­­թիւնը, ան կը կո­­չուէր «Աւա­­գոյթ»։ Իգա­­կանա­­ցաւ նաեւ բա­­ռը, դար­­ձաւ՝ «աւա­­գու­­հի», այ­­սինքն առաջ­­նորդ կու­­սան կա­­նանց, վա­­նաց տի­­կինն, կամ մայրն հա­­ւատա­­ւորաց։ Եթէ աշ­­խարհա­­կան էր այդ աւա­­գու­­հին, ան ան­­կասկած իշ­­խա­­­նու­­հի էր կամ «տի­­կին քա­­ղաքին»։ Միջ­­նա­­­դարուն գո­­յու­­թիւն ու­­նէին նաեւ, նե­­րեցէք ար­­տա­­­յայ­­տութիւնս, հայ­­հո­­­յող հա­­յեր - գաղտնիք չէ։ Ոս­­տի­­­կան մը պէտք էր այդ անշնորհք վար­­քին վրայ հսկե­­լու հա­­մար։ Հայ­­կա­­­կան աւա­­գանին հե­­տեւա­­բար ստեղ­­ծեց նոր պաշ­­տօն՝ «յի­­շոցա­­ւագ», մեր լե­­զուի եւ բա­­ռերու ան­­բա­­­րոյա­­կան ու կոշտ գոր­­ծա­­­ծու­­թեան պատ­­ժիչնե­­րը։

«Աւագ» բա­­ռը հայ­­կա­­­կան ճար­­տա­­­րապե­­տու­­թեան տո­­ւաւ եր­­կու գե­­ղեցիկ հաս­­կա­­­ցողու­­թիւն. «Աւագ խո­­րան» եւ «Աւագ դուռ»։ Առա­­ջինը, կի­­սաշրջան յա­­տակա­­գիծով տա­­ճարի արե­­ւելեան խո­­րանն է, ուր ժա­­մասա­­ցու­­թիւնը կը կա­­տարո­­ւի։ Վրան ու­­նի կի­­սագունտ գմբէ­­թարդ։ Ան բարձր է աղօ­­թաս­­րա­­­հի յա­­տակէն ու կը նե­­րառէ դա­­սը։ Ան է եկե­­ղեց­­ւոյ ամե­­նէն յար­­դա­­­րուն մա­­սը։ Իսկ «Աւագ դուռ»ը միայն իր չա­­փերով ու յար­­դա­­­րան­­քով չէ որ աչ­­քի կ՚իյ­­նայ. ան իշ­­խա­­­նու­­թիւն է։

Հայ­­կա­­­կան գա­­ւառ­­նե­­­րու մէջ «աւագ» բա­­ռի իմաս­­տը անսպա­­սելի ուղղու­­թիւննե­­րով զար­­գա­­­ցաւ։ Ամա­­սիոյ հայ­­կա­­­կան բա­­նահիւ­­սութեան մէջ յա­­տուկ ու պատ­­կե­­­րալից տեղ ու­­նի «Աւագ Ուրբաթ» ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը։ Ան, «Խա­­չելու­­թեան օր» ըլ­­լա­­­լէ բա­­ցի, կը նշա­­նակէ՝ տխրա­­դէմ, անժպիտ մարդ, մութ տեղ, մութ սե­­նեակ եւ սե­­ւամորթ։

Հա­­զուա­­գիւտ է «աւագ» բա­­ռի հայ­­կա­­­կան հին կամ նոր գրա­­կան գոր­­ծա­­­ծու­­թիւնը։ Աւագ մէկ շա­­բաթ պէտք է, որ մէ­­կը, յա­­մառ պրպտումնե­­րէ յե­­տոյ, անոր հետ գրի առ­­նո­­­ւած տաղ մը կամ տող մը յայտնա­­բերէ։ Եթէ յա­­ջողե­­ցաւ, զայն կո­­չեցէք՝ «Աւագ գիւտ»։ Ահա­­ւասիկ այդ տե­­սակ գիւ­­տե­­­րու ընտրա­­նի մը. «Զայն կա­­մար ու­­ներն տէր Ստե­­փանո­­սին / Որ­­պէս թէ կա­­մար էր քա­­շած աւագ խո­­րանին»։ Սխալ չլսե­­ցիք յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, այդ «աւագ խո­­րանի կա­­մարի նման յօնք» ու­­նե­­­ցողը գե­­ղեց­­կուհի մը չէր, այլ՝ աւագ հո­­գեւո­­րական, Սիւ­­նեաց եպիս­­կո­­­պոս Տէր Ստե­­փանո­­սը ու այս բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը դա­­սուած է հայ­­կա­­­կան միջ­­նա­­­դարեան պատ­­մա­­­կան լա­­ւագոյն ող­­բե­­­րու ցան­­կի մէջ, հե­­ղինա­­կը՝ Պօ­­ղոս Խա­­չատ­­րեան։ Սար­­գիս վար­­դա­­­պետ անո­­ւանեալ բա­­նաս­­տեղծ հո­­գեւո­­րակա­­նը նկա­­րագ­­րեց Երու­­սա­­­ղէմի մեծ ու արե­­ւափայլ Ս. Յա­­կոբ վան­­քը. «Սրբոց խո­­րանք շուրջա­­նակի, / Որ­­պէս զշարս մար­­գարտի, / Աւագ սե­­ղանն գեր քան զար­­փի, / Աս­­տո­­­ւածա­­յին լու­­սովն է լի»։ Ստե­­փան անո­­ւանեալ տա­­ղասա­­ցը նկա­­րագ­­րեց Վա­­նայ Ս. Նշա­­նը. «Ի ծո­­վակին Վաս­­պուրա­­կան, / Սքան­­չե­­­լի աւագ Սուրբ Նշան»։ Հայ­­կա­­­կան քեր­­թո­­­ղու­­թեան աւա­­գը, Հ. Ղե­­ւոնդ Ալի­­շանը բա­­նաս­­տեղծու­­թիւն նո­­ւիրեց Մա­­սիսին ու զայն կո­­չեց՝ «Աւագ Մա­­սիսին»- «Շար­­ժի՛ր, հա՛ շար­­ժի՛ր, Աւագդ Մա­­սիս, / Ար­­ձան պար­­ծա­­­նաց Հա­­յոց աշ­­խարհիս»։

«Աւագ» բա­­ռը մե­­ծու­­թիւն մը ցոյց տո­­ւաւ ու 1808 թո­­ւակա­­նէն սկսեալ յօ­­ժարե­­ցաւ յայտնո­­ւիլ հայ­­կա­­­կան գիր­­քե­­­րու կող­­քին վրայ։ Սա­­կաւա­­թիւ են այդ հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րը, սա­­կայն ըն­­տիր եւ յի­­շար­­ժան. «Ժա­­մակար­­գութիւն աւագ շա­­բաթուն եւ ու­­թօ­­­րէից Զատ­­կին», Թրեստ, 1808, «Ճառ վասն աւագ ուրբա­­թու», Կալ­­կա­­­թա, 1828, «Քա­­րոզ աւագ ուրբաթ օրին հա­­մար», Շու­­շի, 1833, «Աւագ Եր­­կուշա­­թի / Երեք­­շաբթի / Չո­­րեք­­շաբթի / Հինգշաբ­­թի / Ուրբաթ», Թէոդո­­սիա, 1868, «Աւագ շա­­բաթ», Նիւ Եորք, 1918, «Երա­­նելի Տէր Կո­­միտաս Քէօմիւրճեան աւա­­գերեց Սա­­մաթիոյ նա­­հատակ», Պէյ­­րութ, 1929։

«Աւագ» ածա­­կանը հայ­­կա­­­կան ժա­­մանա­­կակից գրա­­կանու­­թեան մէջ գրե­­թէ ան­­տե­­­սանե­­լի է։ Հա­­մօ Սա­­հեանն էր, որ մէկ ան­­գամ զայն գոր­­ծա­­­ծեց՝ նկա­­րագ­­րե­­­լու հա­­մար գիւ­­ղա­­­կան առտնին պատ­­կեր մը, ուր ըն­­տա­­­նիքը ընթրե­­լու հա­­մար «պապ»ին կը սպա­­սէ. «Մէ­­կը մէ­­կից ամա­­չելով, / Եւ զուսպ, եւ հա­­ւաք, / Նստում էին մե­­րոնք կար­­գով- / Կրտսեր ու աւագ»։ Իսկ, մե­­ծերուն յա­­տուկ վար­­քով մեր աւագ բա­­նաս­­տեղծնե­­րը ու­­րիշնե­­րուն կո­­չեցին աւագ, ինչպէս Պա­­րոյր Սե­­ւակին. «Մեր սերնդի բա­­նաս­­տեղծնե­­րի մէջ ամե­­նից կրտսերն էր նա, բայց աւա­­գագոյնն էր վաս­­տա­­­կի ու հան­­ճա­­­րի առու­­մով», Հա­­մօ Սա­­հեան, «Չա­­րեն­­ցից յե­­տոյ ոչ մի բա­­նաս­­տեղծ՝ աւագ թէ երի­­տասարդ, մեր գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան մտա­­ծողու­­թիւնն այդպէս չի մղել յա­­ռաջ, ինչպէս Պա­­րոյր Սե­­ւակը», Ռու­­բէն Զա­­րեան։

Դան­­դա­­­ղօրէն, եւ ամե­­նայն լրջու­­թեամբ, «աւագ» բա­­ռը կը պատ­­րաստո­­ւի, կաս­­կած չու­­նիմ, իմաս­­տի եւ իմաս­­տա­­­սիրա­­կան նոր մե­­ծու­­թիւններ ծնա­­նելու։ Մին­­չեւ որ հաս­­նի այդ պայ­­ծառ օրը, մենք շա­­րու­­նա­­­կենք վա­­յելել հայ­­կա­­­կան այլ բա­­ռերու խորհրդա­­ւոր պատ­­մութիւննե­­րը։ Մնա­­ցէք խա­­ղաղ մին­­չեւ նոր հան­­դի­­­պում։