ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

«Զգուշացէք դռները փակուում են»

Որքան ալ կրկնու­թեան տպնւո­րու­թիւն գո­յանայ ստի­պուած ենք Հա­յաս­տա­նի հա­մար կե­նաց ու մա­հի նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցող խնդի­րը կրկին ու կրկին ար­ծարծե­լու։

Ինչպէս ակա­նատես կ՚ըլ­լանք Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մի աւար­տե­լէն ետք Թուրքիոյ կարգ մը յայ­տա­րարու­թիւննե­րով կրկին օրա­կար­գի եկած էր Թուրքիա-Հա­յաս­տան ան­գոյ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու բա­րելաւ­ման խնդիր մը։

Թուրքիոյ մէջ բա­ւական ցած ձայ­նով հնչած այս խօս­քե­րը մեծ ար­ձա­գանգ գտան Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Հասկնա­լի եւ բնա­կան երե­ւոյթ մըն է այս, քա­նի որ Հա­յասա­տանի տնտե­սու­թեան հա­մար կա­րեւոր նշա­նակու­թիւն ու­նի Հա­յաս­տան-Թուրքիա սահ­մա­նագի­ծը, որ եր­կար տա­րինե­րէ ի վեր փակ է Թուրքիոյ գոր­ծադրած շրջա­փակ­ման հե­տեւան­քով։

Միւս կող­մէ փակ սահ­մա­նի առ­կա­յու­թիւնը մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ ամօ­թալի երե­ւոյթ մըն է Թուրքիոյ հա­շուոյն։ Սա­կայն Թուրքիա այս ամօ­թը սրբագ­րե­լու հա­մար իսկ կը փոր­ձէ պայ­մաններ առա­ջադ­րել Հա­յաս­տա­նին։ Այդ պայ­մաննե­րու գլխա­ւորն է Թուրքիան ուղղա­կիօրէն Ատրպէյ­ճա­նի կա­պող մի­ջանցքը։

Պար­տինք յի­շել թէ Թուրքիոյ այս ցան­կութիւ­նը նո­րու­թիւն մը չէ։ Ան­ցեալին ալ Թուրքիոյ ծա­նօթ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րէն Պիւ­լենթ Էճե­ւիթ նման բնոյ­թի պա­հանջ մկ ներ­կա­յացու­ցած էր մատ­նանշե­լով Զան­գե­զու­րի հա­տուա­ծը։

Իր մտքի ծալ­քե­րուն մէջ թու­րա­նի երա­զան­քը վառ պա­հած թրքա­կան քա­ղաքա­կանու­թիւնը իր նպա­տակին հա­մար խո­չըն­դոտ մը ըլ­լա­լով տե­սած է Հա­յաս­տան եր­կի­րը։ Ան­շուշտ իր այդ դժկա­մու­թիւնը հրա­պարա­կելու հա­մար­ձա­կու­թիւն չէր ու­նե­ցած Խորհծդա­յին Միու­թեան առ­կա­յու­թեան տա­րինե­րուն։ Բայց այ­սօր, երբ այ­լեւս նման վա­հանակ մը գո­յու­թիւն չու­նի, դիւ­րաւ կը հա­մար­ձա­կի իր պատ­մա­կան երա­զանքնե­րը իրա­կանաց­նե­լու խօս­քե­րու։

Թուրք քա­ղաքա­գէտի յա­տուկ այդ մեր­ձեցման առա­ջին ար­տա­ցոլումնե­րէն մէկն ալ եկած է դար­ձեալ նախ­կին քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րէն Սիւ­լէյման Տե­միրէ­լի բեր­նէն։ Խորհրդա­յին Միու­թեան տա­րան­ջատման տա­րինե­րուն ան ալ յա­ճախ կ՚երա­զէր Ատ­րի­յաթի­քի ծո­ցէն մին­չեւ Չի­նական պա­րիսպներ եր­կա­րող թրքա­կան աշ­խարհի մը մա­սին։ Տե­միրէ­լի այդ խօս­քե­րը քա­նի մը ան­գամ կրկնուելէ ետք լուրջ հա­կադարձ մը ու­նե­ցան մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ եւ Տե­միրէլ ան­գամ մըն ալ չփոր­ձեց նոյն եղա­նակով խօ­սիլ։ Բայց պար­տինք տես­նել թէ այ­սօր բաղ­դատմամբ Տե­միրէ­լի շատ աւե­լի յան­դուգն քա­ղաքա­կան գոր­ծիչ մը հրա­պարակ իջած է եւ ան­հա­ւատա­լի կեր­պով կ՚օգ­տո­ւի մի­ջազ­գա­յին խառ­նի­ճաղան­ճութե­նէ։ Էր­տո­ղանի, Փու­թի­նի, Պոլ­սոնարո­յի, Մեր­քե­լի կամ Մաք­րօ­նի նման քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու եր­կիրնե­րու ճա­կատա­գիրը ձեռ­քին մէջ պա­հած այս օրե­րուս ամե­նաան­հե­թեթ ելոյթնե­րը ան­գամ ստի­պուած ենք որոշ լրջու­թեամբ ըն­կա­լելու։ Վեր­ջա­պէս պէտք չէ մոռ­նալ, որ նա­խագահ Էր­տո­ղան ամ­բողջ Եւոր­պան պա­տանդ դար­ձուցած է շա­հագոր­ծե­լով քա­նի մը մի­լիոն գաղ­թա­կանի դէ­պի Եւոր­պայ թա­փան­ցե­լու վար­կա­ծը։ Այս պայ­մաննե­րու մէջ Հա­յաս­տան պար­տա­ւոր է մեծ զգու­շութեամբ դի­մաւո­րելու Թուրքիոյ պա­րի հրա­ւէրը։

Պէտք չէ մոռ­նալ թէ ար­ջուն հետ պար բռնո­ղը ի սկզբա­նէ ըն­դունած է թէ պա­րին երբ աւար­տե­լուն որո­շու­մը ար­ջը պի­տի ճշդէ։ Այս պա­հուն կը խօ­սինք ամ­բողջ երկրի մը անվտան­գութեան մտա­հոգու­թիւնով։

Ան­ցեալին այս սիւ­նա­կի վրայ ար­ծարծած էինք Տրա­պիզո­նի նա­ւահան­գիստէն մին­չեւ Հա­յաս­տան եր­կա­րող ազատ գօ­տիի մը նիւ­թը, որ մե­զի հա­մար կրնար նշա­նակել հո­ղային հա­տու­ցում։

Տխուր է տես­նել թէ ուր էինք եւ ուր հա­սանք։

pakrates@yahoo.com