ՆՈՒՊԱՐ ՖԵՆԵՔԵԱՆ
Չորեքշաբթի 6 Հոկտեմբեր 2021ի առաւօտեան 8-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախ քան Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը գլխաւորելը, Պօղոս Զ.ի անուան դահլիճի գրասենեակին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան։ Ան ապա հանդիպում ունեցաւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարք Գերերջանիկ Սահակ Բ.ի հետ հուսկ ընդունեց Մոսկուայի Պատրիարքութեան արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի նախագահը. Մետրոպոլիտ Իլարիոն Ալֆէյէվը։
Սրբազան Քահանայապետը փոխադրուեցաւ ապա Պօղոս Զ.ի անուան փոքրիկ սրահը, ուր ունկնդրութիւն շնորհեց Մարդկային Եղբայրութեան բարձրագոյն կոմիտէի «Զայըտ» մրցանակի դատակազմի անդամներուն, որմէ ետք Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան։
«Եղբայր ժողովուրդներ,
ապագայ երկիր. Կրօններ եւ Մշակոյթներ երկխօսութեան մէջ»
Յայտնենք թէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հռոմ ժամանած է մասնակցելու համար Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախաձեռնութեամբ 6 եւ 7 հոկտեմբերին կազմակերպուած «Եղբայր ժողովուրդներ, ապագայ երկիր. Կրօններ եւ Մշակոյթներ երկխօսութեան մէջ» բնաբանով խաղաղութեան համար աղօթքի միջազգային հանդիպումին որուն եզրափակիչ արարողութիւնը նախատեսուած է 7 հոկտեմբերի յետմիջօրէին Հռոմի աշխարհահռչակ «Քոլլոսէում»ի ամփիթատրոնի տարածքին վրայ, գլխաւորութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին եւ որուն առթիւ օրուան խորհրդածութիւնը պիտի ներկայացնէ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ը։
Յանուն խաղաղութեան. երկխօսութիւն այս 35-րդ միջազգային հաւաքը, մաս կը կազմէ «Ասսիզիի հոգիին», որ սկիզբ առած է Ասսիզիի սրբավայրին մէջ. Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի կամքով, 1986 ին կայացած խաղաղութեան համար միջ կրօնական հանդիպումին առթիւ եւ որուն ղեկը այժմ կը գտնուի Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան ձեռքերուն մէջ։
Այս տարուայ հաւաքը կը կանդրադառնայ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին երկու կարեւոր շրջաբերականներու վրայ. Մարդկային եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան նուիրուած «Fratelli tutti»ին ու բնապահպանութեան նուիրուած «Գովեալ ըլլաս»ը։
Համաժողովին չորս
նիստերու նիւթերը
Միջ կրօնական, միջ մշակութային սոյն համաժողովին բացումը նախատեսուած է 6 հոկտեմբերի երեկոյեան Հռոմի «La Nuvola» համաժողովներու կեդրոնին մէջ։ Բացման արարողութեան ընդհանուր նիւթն է «Միասին վերսկսիլ»։ Համաժողովը ապա իր աշխատանքները կը շարունակէ կեդրոնանալով չորս կարեւոր նիւթերու վրայ. «Վերայայտնաբերել մենքը», «Հասարակաց տան խնամքը», «Խաղաղութիւնը կարելի՞ է» հուսկ «Ապագան զոր կը փափաքինք»։
Յայտնենք թէ առաջին նիստին «Վերայայտնաբերել մենքը», բացի Ամենայն հայոց Կաթողիկոսին ելոյթէն բանախօսներու շարքին է նաեւ ամերիկահայ գիտնական, «Moderna» ընկերութեան եւ «Աուրորա» մրցանակի համահիմնադիր Նուպար Աֆէյանը։