Խորհրդարանի նոր նստաշրջանի անձեռնմխելիութիւներու մասին առաջին պահանջարկը եկած է խորհրդարանի օրակարգին։ Նախագահութենէն եկած առաջարկը հրապարակուեցաւ «Եկած թուղթեր» ցանկին մէջ։ Այժմ սահմանադրութեան եւ արդարութեան յանձնախումբին փոխանցուած առաջարկին մէջ նշուած են Ժողովրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան անդամներ Մերալ Տանըշ Պէշթախ, Հիւտա Քայա եւ Կարօ Փայլանի ու Ժողովրդական Շրջաններ Կուսակցութեան պատգամաւոր Սալիհա Այտենիզի անունները։
Փայլանի համար նախապէս ալ անձեռնմխելիութիւներու վերացնելու համար դիմում կատարուած էր։ Այդ թղթածրարները տակաւին կը սպասեն խորհրդարանին մէջ։