Մեծ Կղզիի պատմական նաւամատոյցի շէնքի վերնայարկը նախորդ քաղաքապետի շրջանին վարձու տրուած էր վիճայարոյց Թուրք Երիտասարդական Հիմնարկին (TÜGVA)։ Քաղաքպետարանի մէջ կայացած իշխանափոխութենէ ետք նոր քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլու դատ բացած էր այդ վարձակալութեան դէմ։ Դատարանի վճիռով ալ կը պահանջէր տարածքին վերադարձը։
Նշենք որ սոյն հիմնարկի վարչութեան մէջ պաշտօն ստանձնած է նախագահ Էրտողանի որդին Պիլալ Էրտողան։ Այդ կապակցութիւնը գործեց իր ազդեցութիւնը եւ ոստիկաններ բռնութեամբ արգելք եղան տարածքին վերադարձուելու գործընթացին։ Այդ բռնութեան ընթացքին վիրաւորուեցան ինը հոգի, որոնցմէ չորսը քաղաքապետարանի պաշտօնեաներ էին։ Դէպքը հետզհետէ ապացոյց կը դառնայ կառավարութեան օրէնքները անտեսող եւ իրաւունքները բռնութիւնով ճնշող քաղաքականութեան։