Առաջին ներկայացումը Իսթանպուլի 24-որդ փառատօնի ընթացքին կատարուած «Կոմիտաս» 11 ամսուայ ընդհատումէ մը ետք Կոմիտաս վարդապետի մահուան տարելիցին, 22 Հոկտեմբերին դարձեալ կը բեմադրուի։
«Եոլճու» (Ճամբորդ) թատերախումբը այս մասին կ՚ընէ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Անատոլուի հազարաւոր ժողովուրդական երգերը հաւաքելով համաշխարհային մշակոյթին մեծ ժառանգ մը աւանդած Կոմիտաս վարդապետի կեանքը Յակւբ Մամիկոնեանի խմբավարութեան ներքեւ Լուսաւորիչ Երգչախումբի մասնակցութեամբ կրկին կը բեմադրուի Գումգաբուի Որդուոց Որոտման Եկեղեցւոյ մէջ»։
Թատրերգութեան հեղինակն է Ահմետ Սամի Էօզպուտաք, որ ստանձնած է նաեւ բեմադրութիւնը։ Ֆեհմի Գարաասլանի մարմնաւորած «Կոմիտաս» 22-23 Հոկտեմբեր թուականներուն թրքերէն եւ 24 Հոկտեմբերին ալ թրքերէն վերնագիրով ֆրանսերէն լեզուներով պիտի բեմադրուի։ Այս բեմադրութեան հետեւելու համար տոմսակները կարելի է ապահովել mobiletcom եւ babasahne.com հասցէներէն