Սեպտեմբերի 30-ին Վանաձորի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ մէջ ձեռամբ Գուգարաց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Յովնան Եպիսկոպոս Յակոբեանի, կատարուեցաւ հոգեհանգստի կարգ՝ նուիրուած երջանկայիշատակ Տէր Սեպուհ Արքեպիսկոպոս Չուլճեանի յիշատակին։
Այնուհետեւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ հանդիսութիւններու սրահին տեղի ունեցաւ արձակագիր Սարգիս Գոքորեանի հեղինակած՝ Սեպուհ Արք. Չուլճեանին նուիրուած «Սէրը, ճշմարտութիւնը եւ մենք» գրքի շնորհանդէսը։
Արարողութիւններուն ներկայ էին Շիրակի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Միքայէլ Արք. Աջապահեանը, Գուգարաց թեմի հոգեւոր հայրերը, Լոռու մարզպետի տեղակալ Գոռ Ասրեանը, Վանաձորի փոխքաղաքապետ Արման Բերնեցեանը, Սեպուհ Սրբազանի ընտանիքի անդամները, հարազատները, մտերիմները, մտաւորականներ, դասախօսներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։
Օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ թեմակալ առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Յովնան Եպս. Յակոբեանը, այնուհետեւ իրենց խօսքը ուղղեցին ներկաներուն Գոռ Ասրեանը եւ բանասիրական գիտութիւնների դոկտոր, փրոֆէօսոր Գուրգեն Խաչատրեանը։ Հանդէսի վերջաւորութեան Սարգիս Գոքորեանը ներկայացուց գրքի ստեղծման ուղին, բովանդակութիւնը. «Սա մի գիրք է՝ հայ մարդու, մտաւորականի, հոգեւորականի մասին, որը որ հայ հասարակութեանն ունի շատ ասելիքներ, որոնք ամփոփուած են այս գրքում»ըսելով։
Գիրքը լոյս տեսած է «Տաշիր» հիմնադրամի աջակցութեամբ։
Գիրքը վաճառքի ենթակայ չէ, այն բաժնուեցաւ շնորհանդէսին ներկայ անձերուն։