Նոպելի մրցանակներու կազմակերպիչ յանձնախումբը 4 Հոկտեմբերին յայտարարեց այս տարուայ բժշկագիտական բնագաւառի երկու դափնեկիրները։ Գիտնականները այս մրցանակին արժանացան մարմնի ջերմութեան, հպումի հակազդող բջիջներու յայտնաբերման համար։ Իրենց այս գիւտին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ որոշ հիւանդութիւններու բուժման եղանակները գտնել եւ ցաւազրկիչ միջոցներ զարգացնել։ Մանրէաբան եւ կենսաբան Արտեմ Փաթափութեան ծնած է Պէյրութ 1967 թուին։ 1986-ին եկած է Միացեալ նահանգներ, ուր ստացած է իր բարձրագոյն ուսումը։ Գալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի բաժնէն ստացած է բջիջներու զարգացման մասնագէտ կենսաբանի կոչում։ 1996-ին նոյն համալսարանի Արհեստագիտութեան հիմնարկէն (California Institute of Technology) ստացած է տոքթորի կոչումը։ Անդամ է Ամերիկայի Գիտութիւններու ակադեմիոյ եւ այժմ կ՚աշխատի «Scripps Research» (Սքրիփփց) հիմնարկին մէջ։
Արտեմ Փաթափութեանի յաջողութիւնը արձագանգ գտած է նաեւ թրքերէն սոցցանցերու մէջ, ուր բազմաթիւ օգտատէրեր ափսոսանք կը յայտնեն Էօզլեմ Թիւրեճի եւ Ուղուր Շահինի անտեսումով հայ գիտնականին Նոպել ստանալուն համար։ Անոնք համոզուած էին որ թուրք գիտնականները Քովիտ19-ի պատուաստանիւթը զարգացնելու առումով արժանի էին այս տարուայ Նոպելեան մրցանակին։