ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Զգուշանանք չարագուշակէն

Թուրքիա եւ Հա­յաս­տան հա­կադ­րո­ւած եր­կու պե­տու­թիւններ։ Հայ եւ թուրք նոյնպէս հա­կադ­րո­ւած եր­կու ազ­գա­յին ինքնու­թիւն։ Բայց եկէք քիչ մը քեր­թենք այդ հա­կադ­րո­ւածը եւ տես­նենք թէ սոյն եր­կու ինքնու­թիւննե­րը ի՞նչ յատ­կութիւննե­րով կը դրսե­ւորեն նման կե­ցուածքներ։ Հա­ւանա­բար այս սիւ­նա­կի տա­րողու­թիւնը գե­րազան­ցող նմա­նու­թիւններ կրնանք գտնել, թէ դրա­կան եւ թէ բա­ցասա­կան իմաս­տով։

Պատ­մութիւ­նը եւ աշ­խարհագ­րութիւ­նը եր­կու ժո­ղովուրդնե­րու ալ զգա­ցական յատ­կա­նիշ­նե­րը նմա­նեցու­ցած է իրա­րու։ Շա­տերուն հա­մար անըն­դունե­լի երե­ւոյթ է, բայց փաս­տա­ցի իրո­ղու­թիւն մը այդ եր­կու հա­կադ­րո­ւած­նե­րու մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ձգո­ղական ու­ժը։ Այս մա­սին ապա­ցոյց մը ըլ­լա­լով կը ներ­կա­յանայ խառն ամուսնու­թիւննե­րը։ Թուրքիաբ­նակ հա­յու մը հա­մար բարձր է այն հա­ւանա­կանու­թիւնը, որ սի­րով հա­կի թուրքի մը։ Բայց այն նոյն հա­կու­մը երբ կը տես­նենք բո­լորո­վին օտար ափե­րու վրայ կը ստի­պուինք վե­րոն­շեալ ձգո­ղական ու­ժի գաղտնա­գիրե­րը պար­զե­լու։ Իրաւ ալ ի՞նչ է պատ­ճա­ռը որ հայ եւ թուրք ան­հա­տը Թուրքիայէն եւ Հա­յաս­տա­նէն շատ հե­ռու եր­կիրնե­րու մէջ իսկ իրա­րու կը կա­պէ։ Եւ այդ մէ­կը կ՚ընէ ատե­լու­թեան ծանր բեռ մը յաղ­թա­հարե­լով։

Պսա­կաձեւ ժահ­րի հա­մավա­րակը եւ անոր հետ պայ­քա­րելու մէջ առա­ջար­կո­ւող պատ­րո­ւակ­նե­րը զար­մա­նալիօրէն նման են իրա­րու։

Թուրքիոյ մէջ կան մար­դիկ որ հա­մոզո­ւած են թէ պա­տուաս­տումէ ետք ծնող երա­խանե­րը պո­չաւոր պի­տի ըլ­լան եւ մար­միննին մա­զերով ծած­կո­ւած։ Այս պնդու­մը լրջօ­րէն ներ­կա­յացուց նախ­կին վար­չա­պետ­նե­րէն Նեճ­մէտտին Էր­պա­քանի որ­դին, ինք եւս կու­սակցա­պետ Ֆա­թիհ Էր­պա­քանը։ Վստահ եմ թէ կրտսեր Էր­պա­քանի այս խօս­քե­րուն Թուրքիայէ ետք ամե­նաշատ ար­ձա­գան­գողնե­րը պի­տի գան Հա­յաս­տա­նէն։ Չէ որ Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրքիոյ մէջ հա­մարեա նոյն հա­մեմա­տու­թիւնը կը կազ­մեն, այն մար­դիկ որոնք հա­մոզո­ւած են թէ գեր­տէ­րու­թիւննե­րը պա­տուաս­տումի մի­ջոցով մանր չի­փեր պի­տի զե­տեղեն իրենց մարմնին մէջ, որու մի­ջոցաւ ալ պի­տի ուղղոր­դեն մարդկանց վա­րուե­լակեր­պը։

Իրաւ ալ կ՚ար­ժէ խոր­հիլ թէ Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մի ըն­թացքին պա­տերազ­մի դաշ­տին վրայ մարտնչող զի­նուո­րին դա­սալ­քութեան կոչ ընող հրա­մանա­տար­նե­րուն ո՞վ, ե՞րբ եւ ի՞նչ եղա­նակով մանր չիփ նե­րառած է։

Կամ ար­դեօք Մի­խայիլ Կոր­պա­չովը Խորհրդա­յին երկրի կոր­ծանման տա­նող հիմ­նա­կան ազ­դա­կը տա­րիներ առաջ սրսկո­ւած մանր չի­փի մը հե­տեւա՞նքն է։

Մե­րօրեայ իրո­ղու­թեան ամե­նացայ­տուն յատ­կա­նիշը յի­մարու­թեան աս­տի­ճանին հաս­նող տխմա­րու­թիւնն է, որ կը ներ­կա­յանայ բո­լորէն աւե­լի ար­թուն եւ ու­շիմ ըլ­լա­լու կար­ծե­ցեալ հա­մոզու­մով։

Ներ­կայ դրու­թեան մէջ պսա­կաձեւ ժահ­րի հա­մավա­րակը հա­մաշ­խարհա­յին աղէտ մըն է։ Այդ աղէ­տի հե­տեւանքնե­րը կան­խե­լու միակ մի­ջոցն է պա­տուաս­տումը։ Այս բո­լորը հար­ցա­կանի վե­րածել եղա­ծին ետին ար­հեստա­կան դա­ւադ­րութիւննե­րու հետ­քե­րը որո­նելը ան­ցեալին վի­ճակած էր ԱՄՆ նախ­կին նա­խագահ Թրամ­բին։ Ինքն էր որ մին­չեւ վերջ հա­մոզո­ւած մնաց թէ պսա­կաձեւ ժահ­րը ար­տադրուած է չի­նական հե­տազօ­տական տար­րա­լու­ծա­րանի մը մէջ եւ դի­տումնա­ւոր կեր­պով որ­պէս փոր­ձանք փա­թաթո­ւած ամ­բողջ աշ­խարհի գլխուն։

Այս պա­հուն դա­ժան փորձ է խու­սա­փելու հա­մար ոչ հա­յու, ոչ թուրքի, ոչ ալ Թրամ­բի կամ Պոլ­սո­նարո­յի ցնորած միտ­քե­րուն հե­տեւե­լու։ Գի­տու­թիւնը աւե­լի նո­ւազ կը խա­բէ, քան իմաս­տա­զուրկ չա­րագու­շա­կը։

pakrates@yahoo.com