29Սեպտեմբեր չորաքշաբթի օր, Սոչիի մէջ կայացաւ Էրտողան Փութին հանդիպումը։ Նախագահ Էրտողանի ձախողաց Նիւ Եորքան այցելութենէն ետք Ռուսիոյ Դաշնութեան Նախագահի հետ մէկտեղումը դրական ներուժ մը եղաւ։ Կողմերը զրուցեցին տարածքաշրջանի զանազան խնդիրներու շուրջ։ Թուրքիոյ Նախագահը վերջերս կը նախընտրէ միջազգային բնոյթի խնդիրները լուծել գագաթնային հանդիպումներով, այնպէս որ Սոչիի մէջ ալ գլուխ գլխի հանդիպում մը ունեցաւ Փութինի հետ։ Երկու նախագահներն ալ իրենց կողքին ունէին թարգմանիչներ։ Ինչպէս նախապէս ալ հաղորդուած էր հանդիպումէն ետք մամլոյ ժողով մը տեղի չ՚ունեցաւ։ Նախագահները բաւարարուեցան այս հանդիպման մասին դրական պատգամներ փոխանակելով։ Փութին յայտնեց թէ միջազգային գետնի վրայ Թուրքիոյ հետ յաջող համագործակցութիւն մը կը տանին։ Նոյնպէս Էրտողան ըսաւ թէ պաշտօնակցին Փութինի հետ արդիւնաւէտ տեսակցութիւն մը ունենալէ ետք կը բաժնուի Սոչիէն։
Անշուշտ այս դրական արտայայտութիւններու ետին, չէ յստակացած կարգ մը կարեւոր խնդիրներ, որոնք առկայ են Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու մէջ։ Անանոցէմ գլխաւորը ըլլալ կը թուի Թուրքիոյ զինեալ ուժերու Սուրիոյ հիւսիսային հատուածին մէջ գոյութիւն պահելը։ Աւելին՝ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը եւ Թուրքիա անցեալին համաձայնած էին Իտլիպ տեղադրուած իսլամ ահաբեկիչներու զինաթափման մասին։ Այս համաձայնութեան հակառակ կերպով Թուրքիա ալ աւելի զինած էր իսլամ ահաբեկիչները եւ անոնք որպէս զինեալ ուժ օգտագործած էր Լիպիոյ եւ Արցախի մէջ։ Փոխանակ այս իրողութիւններուն «Սփութնիկ» լրատու գործակալութիւնը կը փոխանցէ հանդիպման մակազին մանրամասնութիւնները։ Այսպէս Փութին հանդիպումէն ետք իր պաշտօնակիցը ճանապարհած պահուն ոտքի վրայ կարճատեւ զրոյց ունեցած են։ Էրտողան Փութինին հարցուցած է պատուաստումի մասին։ Ան ալ պատասխանած է ինք պատուաստուած է եւ խորհուրդ կու տայ որ ամրացուցիչ վերջին պատուաստի համար նախընտրէ «Սփութիկ5» պատուաստանիւթը։ «Ես այդ վերջինն ալ ստացած եմ» պատասխանած է Էրտողան։ 2 ժամ 45 վայրկեան տեւող հանդիպումէն ետք Էրտողան վերադարձած է Թուրքիա։