Յանցագործ աշխարհի կարեւորագոյն դէմքերէն Սետաթ Փեքեր իր ապաստանած Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններէն հրատարակած վիտէօ ժապաւէններով շատ ցնցիչ յայտարարութիւններ կը հրապարակէ։ Միջոցէ մը ի վեր ապաստանած երկրի իշխանութիւնները իր անվտանգութեան համար արգիլեցին անոր ընկերային ցանցերու միջոցաւ կատարած յայտարարութիւնները։ Իսկ Փեքեր այս սահմանափակումը յաղթահարելու համար սկսած է օգտուիլ լրագրող Էրք Աճարէրի «թուիթըր»եան հաշիւէն։ Փեքեր անցեալին շատ ծանր մեղադրանքներ բերած էր Ներքին Գործոց Նախարար Սիւլէյման Սոյլուի, Նախկին Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի, անոր որդւոյն Էրքամ Եըլտըրըմի եւ դեռ շատերու հասցէին։
Այդ ծանր մեղադրանքներով հանդերձ Թուրքիոյ դատարանները ոչ մէկ հարցաքննութիւն կատարած են պնդումներու հետեւանքով։
Փեքերի վերջին յայտարարութեան մէջ նիւթ դարձած է նաեւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի անունը։ Նիւթը նախապէս ալ տեղ գտած էր «Ակօս»ի էջերուն մէջ, երբ կարգ մը ոստիկանապետէր կաշառք պահանջած էին Շիրինօղլուէն, անոր ինքնաշարժին ապօրէն կերպով անձեռնմխելութիւն տրամադրելուն համար։
Շիրինօղլու այս պահանջէն տեղեակ պահած էր Ներքին Գործոց Նախարարը, բայց այս վերջինը փոխանակ պատշաճը կատարելու փորձած էր խնդիրը քօղարկել։ Այս մասին Շիրինօղլու Ներքին Գործոց Նախարարին ուղղեալ նամակին մէջ ինքզինք ներկայացուցած էր իբրեւ թրքահայ համայնքի աշխարհական պետը ըլլալով։ Յաւելած էր նաեւ թէ որդեգրած է Թուրքիոյ Պետութեան ծառայելու առաքելութիւնը։ Նոյնիսկ ի գին ամբողջ սփիւռքի հալածանքին ժխտած է հայոց ցեղասպանութեան փաստը։ Այս մասին տեղեկութիւնները կը հասնին Ալին Օզինեանի ստորագրած յօդուածէն։ Այստեղ պարտինք նշել որ Շիրինօղլու բաւական լաւատես եղած է իր դէմ հալածանքը միայն ու միայն սփիւռքահայութիւնով սահմանելու խնդրին մէջ։