Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն եւս աւելցած է Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու մասին բաներ մը ըսելով հանդերձ փաստացի ոչ մէկ բան ըսող քաղաքական դէմքերու շարքին։
Իպրահիմ Քալըն «Հապեր Կլոպալ» հեռուստակայանի «Քիչ առաջ խօսեցայ» անուն հաղորդումի ընթացքին ըսաւ հետեւեալը. «Ատրպէյճանի հողային ամբողջութիւնը պահպանելու առումով Ղարաբաղի ազատագրումը յաղթանակ մըն է։ Ատրպէյճան այս գործընթացի միջոցին միշտ պահեց իր պատասխանատուութիւնը։ Յարձակողական դիրքի չմատնուեցաւ։ Հնազանդեցաւ իրաւագիտութեան միջազգային կանոններուն։ Արդար յաղթանակ մը տարաւ։ Այդ յաղթանակին մէջ Թուրքիոյ բաժինը կարելի է բացատրել «Մէկ ազգ երկու պետութիւն» բնաբանով։ Մենք իբրեւ սկզբունք դրական կը մերձենանք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման։ 1992-ին Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու կասեցումը եւ սահմանին փակուիլը Ղարաբաղի գրաւման հետեւանքով տեղի ունեցան։ Երբ հիմա այդ խնդիրը լուծուած է Հայաստանի հետ բնականոն յարաբերութիւններուն առջեւ արգելք մը չէ մնացած։ Բայց տակաւին Ղարաբաղի խնդրին մէջ լուծումի կարօտող կէտեր կան»։
Թուրքիոյ նախագահին այս բնոյթի յայտարարութիւններով մեկնարկող գործընթացի մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ալ «Դրական պատգամներու դրական կը փոխանցենք» ըսած էր։
Փոխադարձ այս յայատարարութիւններով երկու պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ուղղութեամբ սպասում մը գոյացած էր։ Բայց նախագահ Էրտողան իր վերջին յայտարարութեան մէջ այդ ուղղութեամբ իբրեւ նախապայման պահանջեց Նախիջեւանէն Ատրպէյճան հասնող միջանցք մը։ Կասկած չկայ որ այդ նախապայմանը կը սպառնայ Հայաստանի տարածքային ամբողջութեան։ Ըստ երեւոյթի Թուրքիոյ քաղաքական դէմքերու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու մասին ուղերձները պաշտօնական հիմքէ հեռու են, քանի որ չեն հետեւիր որդեգրուած ծրագրի մը, այլ կը պարզեն դրական տրամադրութիւն մը միայն։ Նաեւ պէտք չէ մոռնալ թէ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու տակաւին քանի մը օր առաջ յայտարարած էր թէ օրակարգի վրայ չունին Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարի հետ հանդիպելու նիւթը։