Հրանդ Տինքի ոճիրի դատավարութիւնը թէեւ աւարտած է, բայց այդ նիւթի հետ առնչուած զարգացումները կը շարունակեն օրակարգ զբաղեցնել։ Վերջերս «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ թէ պատրաստութիւններ կը տարուին այդ ոճիրի հետ մեղադրուած, բայց փախստական դիրքի մէջ գտնուող ամբաստանեալներուն կալուածներուն գրաւման համար։ Առաջին հերթին կը յիշուին երբեմնի դատախազ Զեքերիա Էօզի եւ Ֆեթուլլահական աղանդի առաջնատար դէմքերէն Էքրեմ Տումանլըի անունները։ Ապա կը յիշուի նաեւ նոյն հարցաքննութեան շրջանակներուն մէջ նշուարծ Ֆեթուլլահ Կիւլեն, Ատեմ Եաւուզ Ասլան, Ճոշքուն Չաքար, Հալիլ Իպրահիմ Քոճա, Աքիֆ Եըլմազ, Ֆարուք Մերճան, Մեթին Ճանպայ, Էօմեր Ֆարուք Քարթուն, Սերքան Շահան, Եըլմազ Անկըն եւ Եունուս Եազար անունները։
Այս բոլորը փախստականի դիրքին մէջ են եւ դատարանը որոշած է անոնց բոլոր կալուածները եւ հարստութիւնները փոխանցել պետական գանձին։