ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
ishanerdinc@gmail.com
Իսթանպուլի Քաղաքապետարանը բարի որոշում մը յղացած էր եւ ուզած էր ամբողջ դար մը ապրած համաքաղաքացիները հատորի մը մէջ մէկտեղել։ Այդ ցանկին մէջ կար նաեւ օրիորդ Սիրարփի Թորքանի անունը։
«Ակօս»ի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեանի միջոցաւ կապ հաստատեցի օրիրորդ Սիրարփիի հարազատներուն հետ եւ 100-րդ տարեդարձին նախորդող օր զինք այցելեցի Ֆերիգիւղի բնակարանին մէջ։ Հոն էր նաեւ քրոջ դուստրը Սեդա Սեմերճիեան։ Հիանալի հայերէնով մը անցաւ մեր զրոյցը։ Առոյգ էր եւ յիշողութիւնը շատ պայծառ։ Երբ ուզեցի լսել իր կենսագրութիւնը, նախ նշեց ծննդեան օրը՝ 25 Սեպտեմբեր 1921։ Ապա յաւելեց ծննդավայրը՝ Սկիւտարի Ֆըսթըքաղաճը թաղամաս։ Մկրտուած էր Քուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին։ Մինչեւ մօտ անցեալ անպայման ներկայ կ՚ըլլար իր մկրտուած եկեղեցւոյ Արեւագալի արարողութիւններուն։ Հայրը Յարութիւն Թորքան Արմտանցի էր։ Մեր մեծ գիւղագիր Յակոբ Մնձուրիի համագիւղացի։ Իսկ մայրը Մաքրուհին Նիկոմիտիոյ Կէյվէ գաւառի Քուրթպելեն հայաբնակ գիւղէն։ Հայրը Յարութիւն 12 տարեկանին Պոլիս եկած է, իսկ մեծ մայրը Մաքրուհի 1915-ի ցեղասպանութեան ընթացքին Տէր Զօրի ճանապարհին արաբներու ձեռքով փրկուած եւ անոնց տան մէջ աղախին դարձած է։ Օրիորդ Սիրարփին նախնական ուսումը ստացած է Կետիկփաշա թաղի Ինճիրտիպիի Հայ Բողոքականաց վարժարանը։ Սակայն աւելի յաճախ գտնուած է Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջափակը, այդքան որ այդ դպրոցի ուսանող չ՚ըլլալով հանդերձ Պէզճեանի սանորուն հիմնած միութեան հիմնադիրներէն եղած է։ Ինչպէս Քուզկունճուքի Արեւագալները, մինչեւ վերջին տարիներուն կը մասնակցէր միութեան տարեկան տօնակատարութեան։ Մասնակցած է միութենէական աշխատութիւններուն եւ մաս կազմած է թատերախումբին։
Մանկութեան տարիները կ՚անցնին հին Պոլսոյ պատմական Սամաթիա, Թոփգաբու եւ Գումգաբու թաղերուն մէջ։
Նախնական ուսում ստանալէ ետք կը յաճախէ Հերանուշ Չորեանի Կարի դպրոցը։ Իբրեւ դերձակուհի իր վաստակով կը թեթեւացնէ հօրը ստանձնած ապրուստի ծանր բեռը։ Հայրը ատաղձագործ էր եւ օրիորդ Սիրարփի հպարտութեամբ ցոյց կու տայ իր նստած բազկաթոռը ըսելով թէ հօրը ձեյռքի գործն է։
Մեր զրոյցի ընթացքին պահեր եղան, երկ օրիորդ Սիրարփի տատամսեցաւ անձնանում մը կամ տեղանուն մը յիշելու մէջ։ Այդ պահուն տիկին Սեդան էր որ կը միջամտէր յուշելով մօրաքրոջը մոռցածը։ Իսկ երբ կը պատահէր որ տիկին Սեդա եւս կը տատամսէր որեւէ բան յիշելու, մօրաքոյրը յաղթանակ մը տարածի նման «Տե՛ս դուն ալ մոռցար» կ՚ըսէր։
Այս զրոյցներու ընթացքին պարզուեցաւ թէ ան ճամբորդած է զանազան երկիրներ։ «Ճամբորդելը շատ կը սիրէի եւ թերեւս ալ այդ պատճառաւ մերժեցի ամուսնանալ։ Մանաւանդ կը յիշեմ մեր սիրելի Շնորհք եւ Մեսրոպ Պատրիարքներուն հետ կատարած ոխտագնացութիւնները։ Շատ աշխատեցայ, դրամ շահեցայ եւ այդ ալ ծախսեցի ճամբորդութիւններով։ Կրնամ ըսել որ երջանիկ կեանք մը ապրեցայ»։
Ան մինչեւ այսօր չէ կրցած հաշտուիլ քրոջը Լուսարփիի այսինքն տիկին Սեդայի, մօր մահուան իրողութեան հետ։ «Մեռաւ» կամ «մահացաւ» ըսելու փոխարէն կը նախընտրէ «գնաց» բայով բացատրել քրոջ մահը։
Ինծի համար տպաւորիչ եւ հաճելի էր այս ծանօթացումը, որուն համար շնորհակալութիւն կը պարտիմ Բագրատ Էսդուգեանին, տիկին Սեդա Սեմերճեանին եւ ամուսնոյն պարոն Արթոյին։
Ինչ լաւ է որ ծնած էք օրիորդ Սիրարփի։ Առողջ ու երկար տարիներ կը մաղթեմ ձեզ։