«Ակօս»ի բազմամեայ աշխատակից եւ մերր սիրելի բարեկամ ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլուի հետ կատարուած երկարապատում զրոյցները հրատարակուեցան հատորի մը ձեւաչափով։ Թուրքիոյ Ճարտարապետներու Միութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղը միջոցէ մը ի վեր կը հրատարակէ այդ ասպարէզէ ներս բազմամեայ աշխատութիւն ծաւալած իր անդամներու կեանքին ու գործին նուիրուած նման աշխատասիրութիւններ։ Նախորդ հրատարակութիւններու առանցքը կը կազմէր ենթականերու ճարտարապետական աշխատութիւնները։ Միլտանօղլուի օրինակին մէջ կը հանդիպինք աւելի բովանդակալից պատումի մը, քանի որ ան նախ կը ներկայացնէ իր ծնողները, մեծ ծնողները, ծննդավայրը։ Այսպէսով ամբողջական պատկերացում մը կ՚ունենանք Զաքարիայ Միլտանօղլու անհատի կեանքը ու գործը ընկալելու։ Ինչպէս իրեն սերնդակից համարեա բոլոր հայերուն, Միլտանօղլո ւի կենսագրութեան մէջ ալ կը տեսնենք հայոց ցեղասպանութեան անժխտելի ու անհերքելի դրուագները։
Միլտանօղլու բաւականին ծաւալուն դրուագներով կը պատմէ իր աշակերտութեան եւ ուսանողութեան ոդիսականը։ Վկայութիւններ կը փոխանցէ իր ու ընտանիքին բնակած Սամաթիա թաղամասէն։ Զաքարիայի երիտասարդութիւնը կը զուգադիպի Թուրքիոյ փոթորկալից շրջաններուն, որոնց հետեւանքով ան կը բանտարկուի եւ կը մատնուի մօտ չորս տարուայ ազատազրկութեան։
Միլտանօղլու իր յուշերուն մէջ կը նշէ այդ օրերը, բանտի մէջ գործադրուած տանջանքները եւ մանաւանդ Թուրքիոյ ընդյատակեայ Կոմունիստ կուսակցութեան անդամակցելու ծանր հետեւանքները։ Թուրքիոյ մէջ համատարած համոզում մըն է կոմունիստներու հալածանքը, բայց հալածանքները կը կրկնապատկուին, երբ ենթական հայ կոմունիստ մըն է։
Գիրքին մէջ յատուկ բաժինով մը նշուած է Զաքարիա Միլտանօղլուի ճարտարապետական վաստակը, ուր կ՚ընդգրկուին կազի պահեստանոցները, քաղաքէն հեռու վայրի մը մէջ ոսկերիչներու համար նախատեսուած «Քույումճու Քենթ»ի նախագիծը եւ ապա Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ընթացքին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի ներկայացուցիչ ըլլալով ունեցած դերակատարութիւնները, պատմական Անիի աւերակներուն, Պեշիկթաշի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ եւ Հայ Կաթողիկէ Անտոնեան Վանքի վերանորոգութիւններուն ըրած նպաստները։
Դարձեալ յատուկ բաժնի մը մէջ կը ներկայացուին անոր Ամիտա, Կեսարիա, Երզնկա, Սեբաստիա, Արթվին, Տրապիզոն, Մարտին, Եդեսիա, Բաղէշ, Եոզղադ, Ատանա, Անգարա, Նիկոմիտիա, Նիկոսիա, Չանաքքալէ, Պրուսա, Զմիւռնիա, Ամասիա եւ Իսթանպուլ ուղուած մշակութային շրջագայութիւնները։
Հարկ է նշել թէ սոյն շրջագայութիւններուն մէկ մասը կատարուած են Հայ Ճարտարապետներու եւ Ճարտարագէտներու Միութեան, ՀայՃարի նախաձեռնութեամբ, որոնց ընթացքին իբրեւ պատմաբան շատ կարեւոր ներդրում ունեցած էր «Ակօս»ի հայերէն էջերու նախկին աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեան։
Բացի այս բոլորէն Զաքարիա Միլտանօղլու հայ պարբերական մամուլի պատմութիւնը ուսումնասիրող իր գիրքով Թուրքիոյ մէջ այս մասին հետազօտութիւններ ընողներուն համար կարեւորագոյն աղբիւրը դարձած է։ Ան նոյնպէս հեղինակած էր Զմիւռնիոյ մասին հատոր մը, որ դարձեալ առաջնահերթ աղբիւր ըլլալով կ՚օգտագործուի այս քաղաքի պատմութիւնը սերտողներու կողմէ։