Մօտ հինգ տարիէ ի վեր իբրեւ քաղաքական պատանդ Էտիրնէի բանտին մէջ պահուած Սելահատտին Տեմիրթաշ «թուիթըր»եան գրառումներով անգամ մը եւս կը զբաղեցնէ Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգը։
Հանրապետական Կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի «Քրտական հարցի լուծման գործընթացին մէջ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը կրնանք խօսակից ճանչնալ» ըսած էր։
Տեմիրթաշ փաստաբաններու միջոցաւ ըրաւ հետեւեալ յայտարարութիտւնը.
«Որքան որ գիտեմ ՀՏՓ ներառեալ քրտական խնդիրը կը խոստանայ ստանձնել Թուրքիոյ բոլոր հարցերու լուծումը։ Այս կամքի դրսեւորումն ալ զինք կը դարձնէ քաղաքական նիւթերու բնական խօսակից։ Իսկ երկխօսութեան վայրն ալ բնականաբար Թուրքիոյ խորհրդարանն է։ Կուսակցութիւնը բոլոր կողմերու յստակ եւ թափանցիկ մասնակցութիւնը գնահատելու քաղաքական փորձառութեան տէր է։ Վաղուց սպառած բանավէճերը վերսկսիլը հարցերու լուծման չեն նպաստեր»։
ՀՏՓ կուսակցութեան նախկին համանախագահ Սեզայի Թեմելլի Քըլըչտարօղլուի խօսքերուն ակնարկելով ըսած էր թէ լուծման հացէն եւ ենթական Իմրալըի բանտարկեալն է։ Թեմելլիի այս խօսքերը նոր բանավէճերու ծնունդ տուին թէ ընդդիմադիր շրջանակներու մէջ եւ թէ նոյն ինքն Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան շարքերէն ներս։ Թեմելլի այս տարաբնոյթ յայտարարութիւններէ վերջ նոր գրառումով մը յայտարարեց թէ իր արտայայտութիւնները անհատական բնոյթ ունին։
Հարկ է նշել թէ ՀՏՓ կը շարունակէ ճակատագրական դեր ունենալ իշխող քաղաքական ուժի եւ ընդդիմադիր շրջանակներու միջեւ։