21Սեպտեմբեր 2021-ին Հայաստան տօնեց հիմնարկութենէն այս կողմ ամենադժուար անկախութեան տարեդարձը։ Պետութիւնը դիմագրաւելով մեծ ալեկոծումները 1991-ին հաստատուած երրորդ հանրապետութեան հիմնադրութիւնը նշեց ամրագրելով ապագայի հանդէպ հաւատը։ Օրուայ առթիւ արտասանուած ճառերու մէջ ուշագրաւ էր այս երեւոյթը, որ իր կարգին կը պարզէր նաեւ պետութիւն հասկացողութեան բեռցուած մեծ պատասխանատուութիւնը։ Ճիշդ ալ այս պատճառաւ տօնակատարութեան մեկնավայրը եղաւ Եռաբլուրը։ Պետական աւագանին օրուայ յիշատակման ընդառաջ յարգանքի տուրք մատուցեց հայոց պետականութեան համար իրենց կեանքը նուիրաբերած նահատակներու յիշատակին։ Վարչապետ Փաշինեանի, Նախագահ Սարգիսեանի 30-ամեակի պատգամներուն մէջ յարատեւօրէն շեշտուեցաւ նահատակներու, անոնց այրիներու, որդիներու եւ ծնողաց հանդէպ պետութեան պարտականութիւնները։
Այս առթիւ նախագահ Սարգիսեան յետ մահու շքանշաններ բաժնեց, Արցախեան պատերազմին հերոսացած զինուորներուն։ Նաեւ շքանշաններով գնահատեց զանազան մարզերու մէջ Հայաստանի հանրապետութեան բարգաւաճման ծառայած մարդկանց։
Անկախութեան 30 ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան Հրապարակին վրայ բազմահազար ժողովուրդի մասնակցութեամբ կայացած գեղարուեստական յայտագիրով։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պաշտոնավարող եպիսկոպոսներու, Հայաստանի թեմակալ առաջնորդներու եւ առաջնորդական փոխանորդներու հետ այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու հայրենիքի անկախութեան եւ անսասանութեան համար իրենց կեանքը ընծայաբերած հայորդիներու յիշատակին.
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Պանթէոնի մէջ կայացաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։ Հոգեւորականաց դասը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած քաջորդիներու հոգիներուն խաղաղութեան համար.
Նորին Սրբութիւնը ու եկեղեցականները առանձնաբար այցելեցին նաեւ ազգի հերոս զաւակներու շիրիմները՝ բերելով իրենց խոնարհումը ու աղօթքը։