ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Պահը համբերութիւն կը թելադրէ

Դէպքեր զար­մա­նալի վեր­յի­շումնե­րու պատ­ճառ կրնան դառ­նալ։ Լսե­լով ՀՀ վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեանին իր վրա­ցի պաշ­տօ­նակցէն խնդրան­քը, Թուրքիոյ նա­խագա­հին հետ հան­դի­պելու առիթ մը ապահովելու մասին։ Ակա­մայ յի­շեցի Պատ­րիար­քա­րանի մօտ ան­ցեալի վե­հասիրտ տե­ղապահ Գա­րեգին Արք. Պեք­ճիեան սրբա­զանը։ Ան ալ բա­րի միատ­մութեամբ խնդրած էր որ պա­րոն Շի­րինօղ­լու իրեն հա­մար ժա­մադ­րութիւն մը ապա­հովէ Իս­թանպու­լի կու­սա­կալու­թե­նէն։ Խեղճ սրբա­զանը իր բա­րեմ­տութեամբ մին­չեւ վերջ ալ չի կրցաւ գու­շա­կել թէ այսքան բազ­մա­ծալք դա­ւադ­րութիւն ուրկէ՞ եկած ու փաթ­թուած էր իր ոտ­քե­րուն։ Այ­սօր ալ լսե­լով Թուրքիոյ նա­խագա­հի այդ խնդրան­քին դէմ տո­ւած պա­­տաս­­խա­­­նը ան­­գամ մը եւս կ՚ափ­­սո­­­սանք բա­­րի միտ­­քին մատ­­նո­­­ւած ճա­­րահա­­տու­­թեան ակա­­նատես ըլ­­լա­­­լով։ Բա­­րիու­­թիւնը ոչ միայն կե­­ցուածք, այլ բնա­­ծին յատ­­կա­­­նիշ է։ Այդ յատ­­կա­­­նիշով օժ­­տո­­­ւածը չի կրնար առողջ երկխօ­­սու­­թիւն հաս­­տա­­­տել չա­­րին հետ։ Այ­­սօ­­­րուայ դրու­­թեամբ Թուրքիոյ նա­­խագա­­հը որ­­դեգրե­­լով ծա­­ւալա­­պաշտ քա­­ղաքա­­կանու­­թիւն, շատ հե­­ռու է բա­­րի յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րով երկխօ­­սու­­թե­­­նէ մը։

Ար­­դա­­­րեւ ան իր բա­­րոյա­­կան եղ­­բօր նման թու­­նա­­­ւորո­­ւած է հա­­յատեացու­­թեամբ եւ անդրդո­­ւելի պի­­տի մնայ իր կե­­ցուած­­քին մէջ։ Ու­­րիշ բա­­ցատ­­րութիւն մը չու­­նի 30 տա­­րիէ ի վեր Հա­­յաս­­տա­­­նի հան­­դէպ շրջա­­փակում կա­­տարող պե­­տու­­թեան մը ներ­­կա­­­յացու­­ցի­­­չին իբ­­րեւ այդ շրջա­­փակու­­մը վե­­րաց­­նե­­­լու հա­­մար նոր մի­­ջանցքներ պա­­հան­­ջե­­­լը։ Ինք է որ բո­­լոր մի­­ջանցքնե­­րը ամուր փա­­կած է Հա­­յաս­­տա­­­նի դի­­մաց եւ հի­­մա առանց ամօթ զգա­­լու կը յանդգնի նոր մի­­ջանցքներ պա­­հան­­ջել։ Բայց խոս­­տո­­­վանինք որ ինք չէ այս նիւ­­թին մէջ մե­­ղաւո­­րը, այլ իրեն այդ առի­­թը ընդձե­­ռող հայ­­կա­­­կան քա­­ղաքա­­կան միտ­­քը։

Ներ­­կայ դրու­­թեան մէջ պար­­տա­­­ւոր ենք համ­­բե­­­րատար ըլ­­լալ եւ սպա­­սել, որ հա­­կառա­­կորդ ինք խնդրան­­քով ներ­­կա­­­յանայ փակ սահ­­մաննե­­րը բա­­նալու հա­­մար։ Թէեւ թրքա­­կան կող­­մը այդ մա­­սին խնդրան­­քի ալ կա­­րիք չ՚ու­­նի, քա­­նի որ սահ­­մա­­­նը փակ է ոչ թէ փո­­խադարձ հա­­մաձայ­­նութեան մը հե­­տեւան­­քով, այլ իր միան­­շա­­­նակ ու միակող­­մանի որո­­շու­­մով։ Ցան­­կա­­­ցած պա­­հուն եթէ քա­­ջու­­թիւնը ու­­նի իր երկրի ազ­­գայնա­­կան­­նե­­­րու յար­­ձա­­­կումնե­­րը դի­­մագ­­րա­­­ւելու, նոյն միակող­­մա­­­նի որո­­շու­­մով կրնայ բա­­նալ սահ­­մա­­­նը։ Իսկ եթէ ինք ար­­դէն պա­­տանդ ին­­կած է այլ քա­­ղաքա­­կան ու­­ժե­­­րու ձեռ­­քը, անի­­մաստ է իր­­մէ որե­­ւէ բան ակնկա­­լել։ Ճիշդ է որ Հա­­յաս­­տա­­­նի հա­­մար տնտե­­սական լուրջ դժո­­ւարու­­թիւն կը յա­­րու­­ցէ շրջա­­փակու­­մը, բայց վեր­­ջա­­­պէս հա­­յոց 30-ամեայ պե­­տակա­­նու­­թիւնը յա­­ջողած է այդ դժո­­ւարու­­թեան կուրծք տալ եւ գո­­յու­­թիւնը պա­­հել անցնող երե­­սուն տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին։ Ու­­րեմն այ­­սօր ալ կրնանք շա­­րու­­նա­­­կել ան­­ցեալի դժուարու­­թիւննե­­րով, պայ­­մա­­­նաւ որ երկրէ ներս հաս­­տա­­­տենք ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան կարգ ու կա­­նոնը։ Իսկ այ­­սօ­­­րուայ մեծ­­խօ­­­սիկ հա­­կառա­­կոր­­դը այդքան իսկ ժա­­մանակ պի­­տի չ՚ու­­նե­­­նայ քա­­նի որ օրըս­­տօ­­­րէ կը վար­­կազրկո­­ւի սե­­փական երկրի մէջ։ Հայստա­­նի նա­­խորդ բո­­լոր իշ­­խա­­­նու­­թիւններն ալ ու­­նե­­­ցան բա­­րի դրաց­­նա­­­կան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու պա­­հան­­ջը, բայց եր­­բեք այդ պա­­հան­­ջին հա­­մար չզո­­հեցին ազ­­գա­­­յին ար­­ժա­­­նապա­­տու­­թիւնը։

Որ­­պէս խնդրանք վար­­չա­­­պետէն թող զուսպ մնայ սուլթա­­նական յա­­ւակ­­նութիւններ որ­­դեգրած Էր­­տո­­­ղանի դէմ եւ համ­­բե­­­րէ քա­նի մը տա­րիներ եւս, մին­չեւ որ Թուրքիոյ մէջ ալ հաս­տա­տուին ժո­ղովրդա­վարա­կան միտ­քեր, որոնցմով կա­րելի պի­տի ըլ­լայ լու­ծել բազ­մա­թիւ խնդիր­ներ։

pakrates@yahoo.com