ԷԼԻՖՍՈՒ ՏԻԼԵՔ ՇԵՆ
Իտալացի անուանի երգահան Ճիաչինօ Ռոսսինիի (1792-1868) գործերէն բաղկացեալ «Ռոսսինիի Խոհանոցը» 21 Սեպտեմբեր երեքշաբթի ներկայացուեցաւ Գատըգիւղ Սիւրէյյա Օփերայի բեմին վրայ։ Սոփրանօ Նազլը Տենիզ Սիւրեն, Մեցցօ Սոփրանօ Այչին Սիւրիւճիւէր, Թենոր ՈՒֆուք Թոքէր, պարիթոն Մուրատ Կիւնէյ եւ պաս Ուղուր Թինկիւրի երգեցողութիւններուն ընկերակցեցաւ դաշնակահար Ֆիւկեն Եիղիթկիլ։ Այչին Սիւրիւճիւէր այս ներկայացումով առաջին անգամ բեմ կ՚ելլէր օփերայի մէջ։
Ռոսսինի իր կեանքի առաջին կէսին զարմանալօրէն առատ արտադրող երգահան մը եղած է։ Յօրինած է մօտ քառասուն օփերաներ։ Անոնցմէ շատեր բեմադրուած են աշխարհի զանազան երկիրներու օփերայի թատրոններու բեմերէն։ Հեղինակած է նաեւ հոգեւոր երաժշտութեան, սենեկային նուագախումբի եւ դաշնամուրի համար գործեր։
38 տարեկան էր երբ ճաշելը իր կիրքը դարձաւ։ Կարծես թէ քիմքի ճաշակով նոր ուղղութիւն մը գտած էր։ Համերգի ընթացքին հնչեցին երգահանի «Իտալիոյ Մէջ Թուրք Մը», «Կիոմ Թել», «Սեվիլեայի Սափրիչը», «Մեհմետ Բ.», «Ճամբորդութիւն Դէպի Ռեյմս» օփերաներէն արիաներ։
Համերգի աւարտին Իսթանպուլի Պետական Օփերայի եւ Պալէի Տնօրէն Սուաթ Արըքան բեմ հրաւիրուեցաւ։ Արըքան նախապէս ալ դեր ստանձնած էր Ռոսսինիի օփերաներուն մէջ, հետեւաբար դիւրաւ համակերպեցաւ բեմին, նոյնիսկ կօշիկները հանելով։
Ռոսսինիի կեանքի նպատակը երկճիւղուած էր ճաշելու ու երգելու միջեւ։ Այդ պատճառաւ ալ բացի հեղինակած երաժշտական գործերէն զանազան ճաշատեսակներ ալ կը յիշուին իր անունով։ Անոր օփերաներու մուտքի նուագախմբային բաժիններուն աչքառու են խիստ ու սուր ելեւէջները։ Ունի հաղորդական մեղեդիականութիւն եւ զուարճալի եղանակներ։ Այդ բոլորը իրեն պարգեւած են գերժամանակային յատկութիւն մը։
Կեանքի վերջին տարիներուն յօրինած դաշնամուրային կարճատեւ գործերը նկարագրած էր «Ծերութեան Մեղքեր» ըլլալով։