Երեւանի օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ պիտի տեղադրուի ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովով որոշուած «Նեմեսիս»-ի գործողութեան հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձան մը։
Յուշարձանի ծրագիրի նախաձեռնողներն ու աջակիցներն են՝ Արտեոմ Երկանեան, Արմէն Գէորգեան, Տիգրան Բարսեղեան, Կամօ Արէեան, Արթուր Մեսչեան, Դաւիթ Ճգնաւորեան, Արմէն Գալջեան, Սուրէն Էյրամջեան, Աշոտ Մելքոնեան, Արսէն Աւագեան, Արարատ Գոմցեան, Լուդվիգ Սարգսեան եւ Իզապելա Աբգարեան։
Վրիժառութեան որոշումը կայացաւ 1919 թուին Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ-ի IX ընդհանուր ժողովի ընթացքին։ Ճշդուած էր ցեղասպանութեան յանցագործներու 650 անուն, որոնցմէ առանձնացուեցան 41 գլխաւոր յանցագործները։ Յունական դիցաբանութեան վրիժառութեան չաստուածուհիի անունէն ներշնչուած «Նեմեսիս» գործողութեան անմիջական ղեկավար նշանակուեցաւ նշանաւոր գրող Շահան Նաթալին, օգնական՝ Գրիգոր Մերճանովը։ Հրաչ Փափազյանի հաւաքած տեղեկութիւններու ուսումնասիրութիւնով 1919-22թթ. սպանուեցան թուրք եւ ազերի ոճրագործներ՝ Թալեաթը, Էնվերը, Ճեմալը, Պեհաէդդին Շաքիրը, Ճեմալ Ազմին, Սայիդ Հալիմը, Խան Խոյսկին, Սարաֆովը, Ճիվանշիրը հայ վրիժառուներ՝ Սողոմոն Թեհլերեանի, Արամ Երկանեանի, Արշաւիր Շիրակեանի, Արամ Գէորգեանի, Միսակ Թոռլաքեանի կողմէ։