Պոլսոյ թատերական բեմը երկար տարիներէ ի վեր ի աշխատութիւնները կեդրոնացուցած էր սանուց միութիւններու մէջ։ Վերջին տասնամեակի ընթացքին միութիւնները զգալիօրէն կորսնցուցին իրենց առաքելութիւնը, որուն զոհը դարձաւ նաեւ այդ կազմերու մէջ գործող թատերական միաւորումները։ Այս բացասական պայմաններոն մէջ իսկ յոյս ներշչող նախաձեռնութիւններէն մէկն էր«Յանկարծ» թատերախումբը, որ հիմնուած էր 2018-ին։
Աւանդական թատրոնի հասկացողութենէն բաւականին տարբեր ոճեր որոնող «Յանկարծ» անցնող տարիներու ընթացքին յաջողեցաւ աւանկարտ բեմադրութիւններ ներկայացնել։ Այս երեւոյթի բերմամբ թատերասէրներ նոր յոյսեր կ՚ակնկալէին «Յանկարծ»էն։ Եւ ահա արդարացած է այդ ակնկալութիւնը, քանի որ «Յանկարծ»ի աշխատակազմը պատրաստած է նոր բեմադրութիւնը մը՝ Զաւէն Պիպէռեանի «Գանձ»ը։
Իր կարճ անցեալին մէջ «Յանկարծ» բացի Իսթանպուլի զանազան բեմերէն ելոյթ ունեցած էր նաեւ Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ կայացած միջազգային թատերական փառատօնին։ Խումբը այսօր այս նոր ծրագիրը բեմադրելու համար կը կարօտի նիւթական աջակցութեան։ Բեմադրութիւնը մինչեւ հանդիսատեսին ներկայանայ կը կարօտի որոշ գումարի մը, որուն ապահովման համար ալ որոշուած է դիմել հանդիսատեսի աջակցութեան։
ԿԵանքի նոր պայմանները մեր դիմաց կը բերեն նոր դժուարութիւններ եւ անոնք յաղթահարելու համար ալ նոր միջոցներ։ «Յանկարծ»ի գործունէութիւնը ներկայիս հայերէն թատրոնի բեմադրութեան առումով ալ մշակութային կարեւոր ծառայութիւն մըն է։ Չէ՛ որ վերեւ ակնարկած միութենական թատերախումբերը երկար ժամանակէ ի վեր դադրած էին հայերէն գործեր բեմադրելէ եւ կը նախընտրէին թրքերէն թատրերգութիւններ։
Իր սեփական միջոցները զանազան առիթներով լայն բացած պոլսահայ համայնքը արդեօք որքանով պիտի յաջողի սեփական ուժերով հայերէն բեմադրութիւններ ընել ուզող խումբի մը սատարելու։