Հրանդ Տինքի անուան մրցանակները այս տարի ալ 15 Սեպտեմբեր չորեքշաբթի երեկոյ տեղի ունեցած առցանց հանդէսով մը յանձնուեցաւ դափնեկիրներուն։ Այս տարի Թուրքիայէն մրցանակի արժանի համարուեցաւ իրաւապաշտպան Ճանան Արըն։ Ան 1980-ական տարեթիւերէն այս կողմ անվճար կերպով կը ստանձնէ անիրաւուած կանանց իրաւապաշտպանութիւնը։ Հիմնադիրներէն եղած է «Մանիշակագոյն Տանիք» նախաձեռնութեան, որ ապաստան կը հանդիսանայ անօթեւան մնացած կանանց։ Անցեալին դատուեցաւ կանխահաս ամուսնութիւններու նիւթով բանախօսութեան մը ընթացքին Մուհամմէտ մարգարէի ամուսնութիւնները օրինակ տալուն համար։
Ճանան Արըն մրցանակ ստանալէ ետք ունեցած ելոյթին մէջ օրինակներ թուեց երկրի բռնութեան աւանդութենէն։ «Քաղաքական բնոյթով ոճիրները բացառուած չեն ոչ մէկ երկրի մէջ։ Բայց անպատժելիութեան երեւոյթը մեր երկրին յատուկ է»։
Ան իր ելոյթը աւարտեց ողջունելով Հրանդ Տինքի տարեդարձը։ «Խօսքերս կ՚աւարտեմ քեզմէ մէջքերումով մը – մեռնիլը նշանակութիւն չունի, կարեւոր եղածը մինչեւ մահուան պահը ոտքի մնալն է- ծնունդդ շնորհաւոր»։
Այս տարի միջազգային մրցանակի դափնեկիրն է Փիլիպեան կղզիներէն լրագրող Մարիա Ռեսսա։ Ան ուսանեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ 1986-ին բռնապետ Մարկոսի գահընկէց ըլլալէն ետք վերադարձաւ ծննդավայր։ 18 տարիներ իբրեւ թղթակից աշխատակցեցաւ CNN-ին։ Ան եւս իր հետապնդած նիւթերուն պատճառաւ ենթարկուեցաւ զանազան ճնշումներու։ Մարիա Ռեսսա եւս հակիրճ ելոյթ մը ունեցաւ, ուր անդրադարձաւ ընկերային ցանցերու մէջ արտադրուած զրպարտութիւններուն։ «Առցանց բռնութիւնը իրական կեանքի մէջ բռնութեան պատճառ կը դառնայ» հաստատումով աւարտեց իր ելոյթը։