Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Մեվլիւթ Չաւուշօղլու զանազան յայտագիրներու մասնակցելու համար նախորդ շաբաթ այցելած էր Էսքիշեհիր։ Ան այստեղ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին ուշագրաւ արտայայտութիւններ փոխանցեց։ Չաւուշօղլու պարզեց թէ Թուրքիա ունի թէ զինուորական եւ թէ դիւանագիտական ուժ։ Ակնարկելով Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ-ի քիւրտ ազատամարտիկները զինելու երեւոյթին, ըսաւ որ զգուշացուցած են ամերիկացիներուն, բայց անոնք Թուրքիոյ դիտողութիւնները նկատի չեն ունեցած։ «Դաշտ իջանք եւ սկսանք զինեալ գործողութիւններու։ Հինգ օր ետք ԱՄՆ-ի այդ օրուայ պետքարտուղարը Թուրքիա եկաւ։ Բանակցութեան սեղան կազմեցինք եւ խօսեցանք։ Այս իրողութիւնը ուրիշ օրինակներով ալ ապրեցանք։ Ոչ միայն Սուրիոյ, այլ Լիպիոյ Արեւմտեան միջերկրականի եւ Ատրպէյճանի մէջ ալ նոյնը կիրակեցինք։ Դիւանագիտական բանակցութիւնները 30 տարի արդիւնք չէին տուած։ Անզօր մնացած էր ՄԻՆՍԿ-եան եռեակը։ Յետոյ ի՞նչ եղաւ, Ատրպէյճան 44 օրեայ պատերազով վերատիրացաւ իր գրաւեալ տարածքներուն։ Հիմա դիւանագիտութեան համար առիթ մը գոյացած է։ Երկկողմանի դրական պատգամներ կը փոխանակուին։ Ատրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւններու համար առաջարկ ներկայացուց։ Կը յուսամ Հայաստանի նոր կառավարութիւնն ալ դրական կը պատասխանէ այդ առաջարկին»։
Փայլանէն հարցումնագիր
Միւս կողմէ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան նախագահի օգնական Ֆուաթ Օքթայի եւ Արտաքին Գործոց Նախարար Մեվլիւթ Չաւուշօղլուի ուղղեալ երկու հարցումնագիր յանձնեց խորհրդարանին։
Հարցումնագրի մէջ Փայլան ուղղած էր հետեւեալ հարցումները.
ա) Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար ինչպիսի՞ ճանապարհ մը պիտի որդեգրէք։
բ) Փակ սահմանադուռը ե՞րբ պիտի բացուի։
գ) Ե՞րբ պիտի մեկնարկել դիւանագիտական յարաբերութիւնները։
դ) Հայաստանի հետ վստահութիւն ապահովելու համար ի՞նչ քայլերու պիտի դիմէք։
ե) Երկաթ գծի եւ ցամաքային անցքերու համար Հայաստանի հետ շփումներու սկսա՞ծ էք։
զ) Հայաստանի հետ օդային երթեւեկութեան համար նախապատրաստութիւն մը ունի՞ք։