Իրաւաբան, գրող եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Նուրճան Քայա կը դատուի անցեալին սոցցանցերու մէջ տեղ գտած 19 գրառումներուն համար։ Դատախազութիւնը զինք կը մեղադրէ կազմակերպութեան ի նպաստ քարոզչութիւն ընելու պնդումով։ 9 Յունիսի նիստին դատախազը այդ մեղադրանքներու ծիրէն ներս 7,5 տարուայ ազատազրկում կը պահանջէր։ Քայայի 2014 թուին Իսլամ Պետութեան ահաբեկիչներուն Քոպանէի ուղղեալ յարձակումներու ընթացքին տեղադրած «Քոպանէի մէջ ոչ միայն քիւրտերը, այլ այդ քաղաքի բնակիչ բոլոր ժողովուրդները միասնաբար կը դիմադրեն։ Կը դիմադրեն նաեւ ժողովրդավար արաբները, ափսոս որ նահատակներ կ՚ունենան» գրառումը, որպէս յանցագործութեան փաստ ներկայացուց։
27 Սեպտեմբերին կայանալիք դատական նիստը հաւանաբար վճռական նիստ պիտի ըլլայ նաեւ։
Մետիայի եւ Իրաւագիտութեան Հետազօտութիւններու Միութեան (MLSA) համավարիչ փաստաբան Վէյսել Օք ստանձնած է Քայայի պաշտպանութիւնը։ Միութեան գրասենեակը 27 Սեպտեմբեր 2021 թուին ժամը 10.00-ին Տիյարպեքիրի 9-րդ Եղեռնադատ Ատեանի մէջ կայանալիք նիստի ընդառաջ զօրակցութեան կոչ կ՚ուղղէ մարդու իրաւունքի եւ խօսքի ազատութեան պաշտպաններուն։
Նուրճան Քայա ծանօթ է Թուրքիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու դպրոցական կեանքի դժուարութիւններու մասին ուսումնասիրութիւններով։ Ան այս նիւթի շուրջ հեղինակած էր երեք հատորներ, որոնց մէջ մանրամասնօրէն կը ծանօթացուէին կրթական համակարգի մէջ փոքրամասնութիւններու պատկանող դպրոցներու պատմական անցեալը եւ այսօր դէմ առ դէմ գտնուած պետական ճնշումները։ Քայա այդ ուսումնասիրութեան մէջ բացի եղելութիւնը պարզելէ կը ներկայացնէր նաեւ լուծման առաջարկները։