Աշխարհի վրայ մոլեգնող պատերազմներու եւ ցեղասպանութիւններու ենթապատկերին վրայ խիստ անհրաժեշտ կը դառնան խաղաղութեան եւ մարդասիրական գաղափարներու դրսեւորումները արուեստի բնագաւառին մէջ։ Ուստի, մեծ յուզումով եւ պատասխանատուութեամբ հանրութեան դատին պէտք է յանձնենք Աւրորայի Աղօթքը տեսահոլովակը, որու շուրջ աշխատանքները, պայմանաւորուած համավարակով եւ մեր Հայրենիքի ցնցումներով, տեւած են շուրջ 4 տարի։
Չափազանց յուզիչ, բայց շատ վեհ գաղափարով այս ստեղծագործութիւնն աղօթք է ուղուած Տիրամօր՝ բոլոր պատերազմներուն որբացող անմեղ մանուկներուն համար։ Որբեր, որոնք բոլորէն շատ աւելի ծանր կը կրեն պատերազմներու ու ցեղասպանութիւններու հետեւանքները։ Ուրեմն, բոլորս՝ յատկապէս աշխարհի բոլոր մայրերը, պէտք է միանան Աւրորային՝ հաստատելու համար թէ պատերազմը չարիք է, որ ամէն վայրկեան կարող է թակել իւրաքանչիւրի դուռը…։
Երգի հեղինակ՝ Յասմիկ Հախվերդեան
Գործիքաւորումը՝ Karen & SevakProduction
Տեսահոլովակի ռեժիսոր՝ Հրանդ Մովսիսեան
Հնչիւնային ռեժիսոր՝ Հմայակ Ռոստոմեան
Երգը կը կատարէ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլը