Հրանդ Տինքի անուան միջազգային մրցանակը ինչպէս նախորդ տարիներուն այս տարի ալ իր դափնեկիրը կը գտնէ «Ակօս»ի հտմնադիր Հրանդ Տինքի ծննդեան օրը՝ 15 Սեպտեմբերին։ Առաջին անգամ անցեալ տարի մրցանակատուուչութիւն կայացած էր առցանց դրութեամբ, որը կարելի էր յաջողած համարել շնորհիւ աշխարհի զանազան երկիրներէն բազմաթիւ հետեւողներու։
Այս տարի դարձեալ մրցանակաբաշխութիւնը կը կայանայ առցանց դրութեամբ եւ կը յայտարարուին 2021 թուականի դափնեկիրները։ Ինչպէս ծանօթ է, միջազգային դատակազմը կ՚ուսումնասիրէ տարուայ ընթացքին առաջարկուած անունները հետապնդելով անոնց մարդասիրական առաքելութիւնը։ Իւրաքանչիւր տարի մէկը Թուրքիայէն, իսկ միւսը աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնէն անհատ մը կամ կազմակերպութիւն մը կը ներկայացուին իբրեւ տուեալ տարուայ յաղթողը։ Թեկնածուներու պարագային նախապատուութիւն կը տրուի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդրին մէջ զանազան վտանգներ յանձն առնելով պայքարող եւ այդ պայքարներու ընթացքին իր սեփական կեանքը վտանգելու մէջ անվարան կամք դրսեւորող գործիչները։
15 Սեպտեմբերին երեկոյեան ժամը 20.00 մեկնարկող միջոցառման կարելի է հետեւիլ Հրանդ Տինք Հիմնարկի YouTube, Facebook, twitter, instegram հաշիւներէն կամ հիմնարկի կայքէջէն։