Պոլսահայ գրաւոր մամուլի աւանդութիւններէն է դպրոցական վերամուտին հրապարակել երկու ցուցակ։ Առաջինը կը վերաբերի համալսարաններու մտից քննութեան ընթացքին հայ վարժարաններէ շրջանաւարտներու ապահոված արդիւնքները։ Իսկ երկրորդ ցուցակը կը պարզէ համայնքային 17 վարժարաններու ուսանողներու թիւերը։ Երկու ցուցակներն ալ իրենց կարգին ունին դրական եւ բացասական մեկնաբանութիւններուն գետին պատրաստող տուեալներ։
Կ՚արժէ խոստովանիլ թէ կարեւոր ԲՈՒՀ-եր արձանագրուելու իրաւունք ստացած աշակերտները ընդհանրապէս քիչ են մեր համայնքէ ներս։ Շրջանաւարտներու կարեւոր մէկ մասը կը հարկադրուին վճարովի յատուկ համալսարաններ յաճախելու։ Իսկ աւելի նուազ մէկ մասն ալ կը հարկադրուին առցանց դրութիւնով դասաւանդող եւ ընդհանուր առմամբ «Բաց Համալսարան» կոչուող ԲՈՒՀ-եր։
Հայակական դպրոցներ յաճախող աշակերտներու թիւը այս տարի ալ զգալի յաւելում մը չէ արձանագրած եւ մնացած է 2964-ի սահմանին մէջ։