ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Երբ կուռքերը կատաղին կամ ամբոխները խելագարին

«Ակօս»ի այս շա­բաթո­ւայ թի­ւին մէջ ըն­թերցող­նե­րը պի­տի հան­դի­պին ՀՏՓ կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լա­նի 6-7 Սեպ­տեմբե­րի մա­սին խորհրդա­րանա­կան հե­տաքննու­թիւն պա­հան­ջող առա­ջար­կին։ Ինչպէս ինք ալ կը շեշ­տէ, Կա­րօ Փայ­լան քաջ տե­ղեակ է թէ իր այս առա­ջար­կը եր­բե­ւիցէ նկա­տի պի­տի չ՚առ­նո­ւի որ­քան ատեն որ երկրէ ներս կը տի­րէ մար­դու իրա­ւունքնե­րու բռնա­բար­ման զա­նազան երե­ւոյթներ։ Երկրի մտա­ւորա­կանու­թիւնը հաս­տատ գի­տէ որ այն ինչ որ կա­տարո­ւեցաւ 1955 թո­ւակա­նին, կրնայ կրկնուիլ ընդմիշտ, քա­նի որ այդ արարքնե­րը գոր­ծա­ծական մի­ջոց­ներ ըլ­լա­լով կը դի­տուին տար­բեր ժա­մանա­կաշրջան­նե­րու կա­ռավա­րու­թիւննե­րու կող­մէ։ Վեր­ջա­պէս այդ նոյն օրե­րուն նման դէպ­քեր գոր­ծադրո­ւեցան Ան­գա­րայի մէջ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած սու­րիացի գաղ­թա­կան­նե­րուն դէմ։ Եղե­լու­թիւննե­րը դոյզն իսկ տար­բե­րու­թիւն չու­նէին 66 տա­րի առաջ պա­տահած­նե­րէն։ Խու­ժա­նը տա­րուած էր նոյն ոխով եւ տրա­մադիր էր մին­չեւ մար­դասպա­նու­թեան տա­նող չա­րիք­ներ գոր­ծադրե­լու։ Բա­րի պա­տահա­կանու­թիւն մըն էր պար­զա­պէս որ այդ դէպ­քե­րու ըն­թացքին մարդկա­յին կո­րուստ չար­ձա­նագ­րո­ւեցաւ։ Դար­ձեալ նոյն վայ­րա­գու­թիւնն էր կը բե­մադ­րո­ւէր։ Մար­դիկ սար­սա­փի մէջ կը փոր­ձէին իրենց երա­խանե­րը խնա­յել անձրե­ւի նման տե­ղացող քա­րերէն։ Ինչպէս երեկ, այ­սօր ալ կար իշ­խա­նամէտ մա­մուլ մը, որ նման վայ­րա­գու­թիւնը կը նկա­րագ­րէր իբ­րեւ ժո­ղովուրդի պոռթկում։

Թուրքիոյ ար­ժա­նի կեր­պով քննար­կե­լէ խու­սա­փած նիւ­թե­րէն մէկն ալ խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րու ամե­նայն հեշ­տութեամբ խու­ժա­նի վե­րածո­ւելու երե­ւոյթն է։ Այս երե­ւոյ­թը պատ­մութեան մէջ բա­զում ան­գամներ գո­յացած է եւ ոչ ոք մտա­ծած է անոր տե­ղի տո­ւող գոր­ծօննե­րու մա­սին։ Ինչպէ՞ս կ՚ըլ­լայ որ ըն­տա­նիքի հայր մը յան­կարծա­կիօրէն վե­րածո­ւի ոճ­րա­գոր­ծի եւ կա­ցինը կամ ու­րա­գը ձե­ռին ու­ղո­ւի նոյ­նիսկ իրեն ան­ծա­նօթ մարդկանց վրայ։Իս­կա­պէս ալ ան­հա­մար են նման պա­տահար­նե­րը՝ որոնք ար­ժա­նի են լուրջ ու­սումնա­սիրու­թեան։ Ար­դեօք իւ­րա­քան­չիւրիս ինքնու­թեան մէջ թաք­նո­ւա՞ծ է բռնու­թեան նման հա­կում մը կայ եւ յար­մար պա­հին տե­սանե­լի կը դառ­նայ Եթէ անդպէս չէ հա­պա ինչպէ՞ս բա­ցատ­րել «լինչ» կո­չուած զան­գո­ւածա­յին ոճիր­նե­րը։

Յի­շենք որ Լի­պիոյ մէջ այդ երկրի հա­մարեա պաշ­տե­լի նա­խագա­հը իրեն հա­մար ալ զար­մանք պատ­ճա­ռող վայ­րա­գու­թիւնով մը բզիկ-բզիկ եղած էր իր հա­րազատ ժո­ղովուրդի ձեռ­քե­րուն մէջ։ Ան­հա­ւատա­լի էր այդ երե­ւոյ­թը եւ մտա­ծել կու տայ թէ ինչքան ալ գա­զան վար­չա­կար­գի հե­ղինա­կը ըլ­լայ ոչ ոք ար­ժա­նի է նման մա­հուան եղա­նակին։ Եթէ քիչ մը փոր­ձենք վեր­յի­շել մօտ ան­ցեալը մեր յի­շողու­թեան մէջ պի­տի պար­զուի իտա­լացի բռնա­պետ Պե­նիթօ Մու­սո­լինիի մա­հուան դրո­ւագը։ Իր ժո­ղովուրդը ոտ­քե­րէն կա­խած էր եր­բեմնի այն առաջ­նորդը, որ կը կո­չէին Իլ Տու­չէ։ Այ­սինքն կը հա­մարէին ազ­գին առաջ­նորդը։

Հիթ­լեր խե­լացի գտնո­ւած եւ անձնաս­պա­նու­թիւնով կրցած էր կան­խել մնան ճա­կատա­գիրը։ Ամ­բո­խի հո­գեբա­նու­թիւնը վտան­գա­ւոր է վերջապէս։

pakrates@yahoo.com