ՅՔԾ-էն յայտնած են, որ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ քննուող քրէական գործի վերաբերեալ ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեամբ հիմնաւորուած է, որ Աղուան Յովսէփեանը, 2004 թուականի 18 Մարտէն մինչեւ 2013 թուականի 13 Սեպտեմբերը զբաղցնելով ՀՀ գլխաւոր դատախազի, իսկ 2014 թուականի 18 Յուլիսէն մինչեւ 2018 թուականի 11 Յունիսը՝ ՀՀ քննչական կոմիտէի նախագահի պաշտօնները, յիշեալ ժամանակահատուածին փաստացի մասնակցած է ձեռնարկատիրական գործունէութիւն իրականացնող շարք մը ՍՊ ընկերութիւններու կառավարման, բացի այդ ստացած է առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 190.000.000 ՀՀ դրամ կաշառք եւ խարդախութեան եղանակով կատարած է առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 800.000.000 ՀՀ դրամ գոյքի յափշտակութիւն։
Ա. Յովսէփեանին մեղադրանք առաջադրուած է նաեւ յանցաւոր ճանապարհով ստացուած առանձնապէս խոշոր չափերով՝ ընդհանուր 1.299.404.414 ՀՀ դրամ գոյքը (փողերու լուացում) օրինականացնելու համար։
Վերը նշուած յանցաւոր արարքներու կատարման համար Աղուան Յովսէփեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 310-րդ յօդուածով, 311-րդ յօդուածի 4-րդ մասի 2-րդ կէտով, 178-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով եւ 190-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով (3 դրուագ)։ 07.09.2021 թուականին Ա. Յովսէփեանը ձերբակալուած է։
Քրէական գործի շահերէն ելլելով՝ առաւել մանրամասն տեղեկատուութիւն լրացուցիչ կը հրապարակուի նախաքննութեան ընթացքին։
Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանը բաւարարած է ՅՔԾ քննիչի միջնորդութիւնը ու ՀՀ նախկին գլխաւոր դատախազ, ՔԿ նախկին նախագահ Աղուան Յովսէփեանը կալանաւորելու որոշում կայացուցած։ Այս մասին «Փաստինֆոե-ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է փաստաբան Սասուն Ռաֆայէլեանը՝ նշելով, որ դատարանի որոշումն ստանալէ ետք, պիտի ներկայացուի վերաքննիչ բողոք։
Աղուան Յովսէփեանը ձերբակալուած է 7 Սեպտեմբերի առաւօտեան՝ 1,5 տարի առաջ յարուցուած քրէական գործի շրջանակէն ներս։
Ըստ Յատուկ Քննչական ծառայութեան՝ 68-ամեայ Յովսէփեանը, որ 2004-էն մինչեւ 2018 թուականներու ընթացքին զբաղցուցած է նախ գլխաւոր դատախազի, ապա Քննչական կոմիտէի նախագահի պաշտօնները, օրինականացուցած է աւելի քան 1 միլիառ 300 միլիոն դրամ, մասնակցած է ձեռնարկատիրական գործունէութիւն իրականացնող շարք մը ընկերութիւններու կառավարման, ստացած է առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 190 միլիոն դրամ կաշառք եւ խարդախութեամբ յափշտակած է 800 միլիոն դրամ գոյք։ Յովսէփեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ ՔՕ 310-րդ յօդուածով, 311-րդ յօդուածի 4-րդ մասի 2-րդ կէտով, 178-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով եւ 190-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով (3 դրուագ)։