Եղեղեցին ժողովուրրդ է, համատարած հաստատում մըն է այս, որ յաճախ կ՚ընդգծուի հոգեւորականաց դասու կողմէ։ Մեր ժամանակներու դժբախտ իրողութիւնը ժողովուրդազուրկ եկեղեցիները եղան։ Այս ընթացքին մէջ իր բացասական դերը ունեցաւ պսակաձեւ ժահրի համավարակը։ Այդ պատճառաւ գեղարուեսատական կամ մշակութային բոլոր ներկայացումներու կողքին հաւաքական պաշտամունքն ալ դատապարտուեցաւ առցանց պայմաններու։ Յիշելով Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ վերանորոգութենէ ետք կատարուած անդրանիկ պատարագի ոգեւորութիւնը, կ՚ափսոսանք 2021-ի Սուրբ Խաչի տաղաւարի կանխահաս պատարագի պարզած նկարը տեսնելով։ Հոգեւորականաց դասու մատուցած պատարագին հետեւողներն են քաղաքի կուսակալը, գաւառապետը, ոստիկանապետը եւ զինեալ ուժերու շրջանային հրամանատարը։ Կարճ խօսքով Վան քաղաքի պետական աւագանին։ Ցաւալի է որ այդ քանի մը անձերէ բացի քաղաքի բնակչութիւնը ներկայացնող հասարակական կազմակերպութիւններէ ոչ ոք ներկայ էր։ Արարողակարգի իմաստով անթերի այս կազմակերպութիւնը, որուն մանրամասնութիւնները կը ներկայացնենք Պատրիարքարանի կողմէ հրապարակուած տեղեկագիրով, դատապարտուած մնաց անպէտք ձեւակերպութեան մը։
Ինչպէս կ՚ընդգծուի Պատրիրաքական տեղեկագրի աւարտին, մենք ալ պիտի ցանկանանք եւ պիտի յուսանք յառաջիկայ տարիներուն այս պատմական տաճարի կամարներուն տակ ժողովուրդի ներկայութեամբ կատարուած պատարագներուն իրականացումը։
Աւանդական դարձած Աղթամարի ուխտագնացութիւնն ու Ս. Պատարագը կատարուեցաւ անցեալ շաբաթավերջին՝ 5 Սեպտեմբեր 2021, Կիրակի առաւօտ։
Անցեալ Ուրբաթ, 3 Սեպտեմբեր 2021, վաղ առաւօտուն սկսաւ սոյն ուխտագնացութիւնը, հովանաւորութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։ Նորին Ամենապատուութեան անհանգստութեան պատճառաւ, այս տարուան ուխտագնացութիւնը գլխաւորեց Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
3Սեպտեմբեր 2021, Ուրբաթ
Ժամը 09.10-ի թռիչքով, Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ընկերակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռոյ Դիւանապետի օգնական Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանի, մէկնեցաւ Վան։
Խումբին մաս կը կազմէին նաեւ Աթոռոյս ժառանգաւոր սաներ, սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ, ինչպէս նաեւ Արմաշ Դպրաց Խումբի անդամներ։
Երկու ժամուան ուղեւորութենէ մը ետք, խումբը ժամը 11.10-ին հասաւ Վանի Ֆէրիտ Մէլէն օդակայանը, ուրկէ ուղղակի մէկնեցաւ Աղթամար Կղզի։
Նոյն ժամերուն ցամաքի ճամբով Վան հասան եւ խումբին միացան Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ Ուզունեան, Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Նախապատրաստական աշխատանքներ
Խումբը, միջօրէին հասաւ Աղթամար Կղզի, ուր կատարեց անհրաժեշտ քննութիւններն ու պատրաստութիւնները, փոխադրուեցան նաեւ եկեղեցական գոյքերն ու զգեստները։
4Սեպտեմբեր 2021, Շաբաթ
Կուսակալին պաշտօնական այց
Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ընկերակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռոյ Դիւանապետի օգնական Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի, ժամը 11.00-ին իր պաշտօնարանին մէջ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վանի Կուսակալ՝ Մէհմէտ Էմին Պիլմէզին։
Մեծայարգ Կուսակալը բարի գալուստ մաղթեց Հայր Սուրբերուն եւ կարողութիւն՝ կիրակնօրեայ պարտականութեանց համար։ Ան, ուրախութիւնը յայտնեց, որ այս տարի անգամ մը եւս առիթը կը ներկայանայ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցանելու եւ մէկտեղուելու Վանի մէջ։
Ան իր ողջոյններն ու արագ ապագինման մաղթանքները յղեց Նորին Ամենապատուութեան եւ յիշեց իր նախորդ այցելութիւններուն ընթացքին արտասանած խօսքերը, որոնցմէ տպաւորուած էր։
Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. նախ փոխանցեց մեր Հոգեւոր Պետին ողջոյնները, ապա ըսաւ որ սոյն ուխտագնացութեան առիթով պարտականութիւն համարած է յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, նահանգի պետական բարձրագոյն ներկայացուցիչին քաղաքավարական այցելութիւն տալ։ Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց թէ ընծայուած ընդունելութեան, եւ թէ արարողութեան կատարման կապակցութեամբ ընձեռուած դիւրութեանց համար։ Իբր յիշատակ այս այցելութեան, Կուսակալին նուիրեց Օսմանեան շրջանի Հայ նկարիչներու մասին Կարօ Քիւրքմանի երկը հատոր աշխատասիրութիւնը։
Իսկ Վանի Կուսակալը նուիրեց Աղթամարի յախճապակեայ նկար մը։
Այց՝ Վանի Մուրատիյէ ջրվէժը
Ուխտաւորներու խումբը կէսօրին Վանի մէջ միասնաբար ճաշելէ ետք, մէկնեցան տեղւոյն տեսարժան վայրերէն Մուրատիյէ ջրվէժը, ուր կարճ այցելութիւն մը տուին։
5Սեպտեմբեր 2021, Կիրակի
Առաւօտեան ժամը 08.00-ին հոգեւոր հայրերն ու սպասարկողներու խումբը, Վանի Նահանգապետարանի տրամադրած նաւով ուղղուեցաւ դէպի Աղթամար Կղզի։
Սուրբ Պատարագ
Ժամը 11.00-ին կազմուած թափորը Տաճարի մօտակայ կիսաւեր մատուռէն Ս. Խաչ երբեմնի հայրապետանիստ Տաճար առաջնորդեց պատարագիչ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանը։
Ներկայ էին Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ Ուզունեան, Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Կը սպասարկէին Բրշ. Հրաչեայ Սրկ. Սուրէն, Բրկ. կիսասարկաւագներ՝ Ղազար Սապունճեան, Արտա Փնարճեան, Էրքան Գրիգոր Կարապետեան եւ Բրկ. Պարգեւ Դպ. Օհանեան։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան Արմաշ Դպրաց Խումբին կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Յարութիւն Էտուին Սրկ. Կալիպեանի։
Ս. Պատարագին ներկայ եղան Վանի Կուսակալ Մէհմէտ Էմին Պիլմէզ, Վանի Ապահովութեան Տնօրէն Աթանուր Այտըն, Վանի Զինուորական Հրամանատար Հիւսէյին Պէքմէզ, Կէվաշի Գաւառապետ Համիտ Կէնճ եւ այլ պաշտօնական անձեր։
Քարոզ
Տէրունական Աղօթքէն առաջ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. քարոզեց, բնաբան ունենալով «Լոյսը աշխարհ եկաւ, սակայն մարդիկ խաւարը աւելի սիրեցին» (Յովհ. Գ.19)։
Քարոզին մէջ Հայր Սուրբը անդրադարձաւ լոյսի խորհուրդին, Քրիստոսի աշխարհի լոյսը ըլլալուն եւ լուսաւորուած մարդու յատկանիշներուն։
Քրիստոսի լոյսին հետեւիլ կը հարդէ հաւատացեալին համար լուսաւոր ճանապարհ այս աշխարհի վրայ։ Քրիստոսի լոյսը ճշմարիտ է եւ երբեք խաւար չկայ անոր մէջ եւ կը լեցնէ իր ներկայութեամբ մեր կեանքը։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ տեղւոյն աւագանիին, որ բարի եղած է գործակցիլ Աթոռոյս, որպէսզի յաջողութեամբ ի կատար ածուի այլ եւս աւանդական դարձած սոյն ուխտագնացութիւնը։
Խոստովանանք եւ Ս. Հաղորդութիւն
Նկատի ունենալով համավարակի պայմանները, այս տարի կարելի չեղաւ տաճարին մէջ ընդունիլ հաւատացեալները։ Ուխտաւորներու փոքրիկ խումբ մը ժամատունէն հետեւեցաւ արարողութեանց։ Այլ ներկաներ կրցան մասնակցիլ միայն բացօդեայ անդաստանին։
Իսկ Ս. Հաղորդութենէն առաջ, հաւաքական խոստովանանք կատարեց Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ապա Պատարագիչ Հայր Սուրբը հաղորդութիւն տուաւ հոգեւոր հայրերուն եւ ժամատան մէջ գտնուող հաւատացեալներուն։
Հոգեհանգիստ
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ կարգ ի հանգիստ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Աղթամարայ երբեմնի Կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներու հոգւոցն։ Յիշատակուեցան Ս. Խաչ Հայրապետանիստ Տաճարի կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի Թագաւորը, Տաճարի ճարտարապետ Մանուէլ Վարդապետը, Աղթամար գահակալող Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսները, Մեծի Տանն Աղթամարայ կաթողիկոսները եւ համայն միաբանները Աղթամարի Աթոռոյն, Վանի երբեմնի թեմի եւ ի Քրիստոս հանգուցեալ համայն հաւատացեալները։
Անդաստան
Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսութիւններէն յետոյ, Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի գլխաւորութեամբ հոգեւորականներու թափորը առաջնորդուեցաւ փակ, ուր, համավարակի սահմանափակումներու պատճառաւ կոկիկ թիւով հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ, «Ամէն, ալէլուիա»ներով կատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան։ Հոգեպարար էր այն պահը, երբ թափորը կը դառնար եւ կ՚օրհնուէին աշխարհի չորս ծագերը, Հայոց հայրապետութիւնը, քրիստոնեայ թագաւորութիւններն ու իշխանութիւնները, երկիրն ու անդաստանները, տարւոյն պտղաբերութիւնը, վանքերն ու անապատները, քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց բնակիչները։
Ապա հանդիսադիր Հայր Սուրբի տուած օրհնութեամբ իր աւարտին հասաւ պատմական արարողութիւնը, ուխտաւորներուն եւ համացանցային ճամբով նոյն պահուն հետեւող հաւատացեալներուն ոգեւոր պահեր ու հոգեկան անհուն գոհունակութիւն պատճառելով։
Այստեղ Հայր Սուրբն ու Վանի Կուսակալ Մէհմէտ Էմին Պիլմէզ միասնաբար յայտարարութիւն տուին մամլոյ աշխատակիցներուն եւ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին քանի մը վայրկեան առաջ աւարտած Ս. Պատարագին համար եւ յոյս յայտնեցին, որ յառաջիկայյ տարի կ՚աւարտի թագաժահրի համավարակը եւ նախորդ տարիներու նման ոգեւորութեամբ կը կատարուի աւանդական դարձած սոյն արարողութիւնն ու ուխտագնացութիւնը։
Սիրոյ սեղան
Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեւոր հայրերու եւ սպասարկողներու խումբը Վանայ լճի ափին հաւաքուեցաւ սիրոյ սեղանի մը շուրջ։
Վերադարձ
Այսպէսով իր աւարտին հասաւ ուխտագնացութիւնը եւ սկսաւ վերադարձի ճամբորդութիւնը։ Հոգեւոր հայրերու եւ սպասարկողներու խումբը նոյն իրիկուն վերադարձաւ Իսթանպուլ։