ԷԼԻՖՍՈՒ ՏԻԼԵՔ ՇԵՆ
Իսթանպուլի Պետական Օփերայի եւ Պալէի Թատրոնը համավարակի շրջանին ընդհատած էր իր աշխատութիւնները։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ օփէրայի տնօրէն եւ գեղարուեստական վարիչ Սուաթ Արըքան ներկայացումէն առաջ բեմ ելլելով ծափահարեց ունկնդիրները, որոնք այս ճգնաժամի օրերուն զօրակցած էին իրենց։ Ապա հանդիսատեսը հրաւիրեց ծափերով ողջունել ներկայացման դերակատարները եւ երաժիշտները, որոնք նոյնպէս յոյսը վառ պահած էին այս դաժան օրերուն։ Սուաթ Արըքան հանդիսատեսին փոխանցեց «Այս եղանակի ընթացքին պիտի մէկտեղուինք Աթաթիւրքի անուան մշակոյթի կեդրոնին մէջ» աւետիսը։
Ինչպէս ծանօթ է քաղաքի օփերայի մեծագոյն թատրոնը ի հիմանէ վերակառուցուած էր եւ այս տարուայ մէջ պոլսեցի հանդիսատեսները պիտի ընդունի իր նորակառոյց շէնքին մէջ։
Օփերայի եւ Պալէի Թատրոնի գեղարուեստական եղանակի մեկնարկը կատարուեցաւ Լուտուիկ Ֆոն Պեթհոֆընի «Ֆիտելիօ» օփերայով, որ այս ժանրի մէջ անուանի երգահանի միակ ստեղծագործութիւնն է։ Համավարակի պարտադրանքներուն համաձայն նուագախումբը փոխանակ փոսի մէջ ըլլալու տեղակայուած էր բեմին վրայ։ Երգչախումբը շարուած էր բեմի աստիճաններուն եւ խմբավարն ալ իրեն տեղ գտած էր հանդիսատեսներու մէջ։ Առաջին անգամ 20 Նոյեմբեր 1805 թուականին Վիյէն քաղաքի թատրոնին մէջ բեմադրուած «Ֆիտելիօ»ն աւելի վերջ զանազան փոփոխութիւններու ենթարկուած ըլլալով ընդհանրապէս այս փոխուած վերջին տարազով կը ներկայանայ հանդիսատեսին։
Թուրքիոյ Պետական Օփերան այս գործը առաջին անգամ բեմադրած է 1942 թուին Անգարայի մէջ։
Ստեփան Ֆոն Պրոյնիք եւ Ճորճ Ֆրետերիք Թրիչքէի հեղինակած լիպրեթթոն նիւթ կ՚ունենայ Ֆրանսական յեղափոխութեան շրջանին բանտ ինկած ամուսինը ազատելու աշխատող կնոջ մը պայքարը։