7Սեպտեմբեր երեքշաբթի օր, Ատրպէյճանէն Հայաստան վերադարձուեցան Հայաստանի երկու քաղաքացիներ։ Անոնց փոխարէն ատրպէյճանական կողմին փոխանցուեցաւ Արցախի մէջ կալանաւորուած ատրպէյճանցի զինուոր Ճամիլ Պապայեւը, որ 25 Օգոստոս թուականին ապօրինաբար հատեց սահմանը եւ մտաւ Արցախի Մարտակերտի շրջանի տուներէն մէկը։ Այս մասին «Արմէնփրես»ին յայտնեցին Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան ծառայութենէն։
Գերիներու Հայաստան վերադարձը իրականացաւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար, զօր. Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ։
Վերադարձուած 2 քաղաքացիները 14 Յուլիսին Սեւ լիճի տարածքէն անհետացած Հայաստանի հարաւարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած Հայաստանի բանակի. զօրամասի Արթուր Նալպանդեան ու Արամայիս Տոռոզեան անուն զինուորներ են։