«Բոլոր երջանկութիւնները,
որ մեզ անհասանելի են,
սոսկ անուրջ են»:
Ժ. Սուլարի
ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
ԱՄՆ նոր նախագահի ընտրութիւնով ենթադրաբար կ՚ըլլան փոփոխութիւններ աշխարհաքաղաքական միջավայրին։ Երեւոյթը ոչ տեղական, այլ համաշխարհային բնոյթի է։ Տարբեր երկրներուն անոր հետեւանքները ունին իրենց դրոշմը։ Ցաւօք մեր երկիրը եւս ենթակայ է նման վիճակի։
Անհերքելի իրականութիւն է Թրամփի վերընտրուիլը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ ԱՄՆ բնակուող մեր հայրենակիցները1, գուցէ անոր ընտրական խոստումներէն հրապուրուելով կամ անձնական տարբեր հաշիւներէն մղուած։ Բայց այդ չէ կարեւորը, այլ որքանով նոր ընտրեալը տէր կ՚ըլլայ իր խոստումներուն, որ միայն դիմերեսն են եւ ի՞նչ թաքնուած է դարձերեսին՝ ապագայի առումով։
Գաղտնիք չէ, որ կարեւոր չէ, թէ ո՞վ է երկրի նախագահը. այնտեղ վճռական խօսք արտասանողն է ԱՄՆ պետական անվտանգութեան հիմնարկի ղեկավարութիւնը եւ աշխատակազմը։ Մամուլէն յայտնի է, որ ՀՀ հետ յարաբերութիւններու ոլորտին աշխատելու համար արդէն նշանակուած է ԱՄՆ պետական անվտանգութեան հիմնարկի ղեկավարներէն այն անձը, որ փորձառութիւն ունի ՀՀ հետ կապերու գործին։ Բայց անյայտ է, թէ նոր նախագահի առիթով ի՞նչ ուղղութիւն եւ ի՞նչ տարբերութիւն կ՝ունենան այդ կապերը նախկինի համեմատ։
Ենթադրելի է, թերեւս նաեւ պարտադիր, որ մեր իշխանութիւնը նոր քայլեր եւ նոր մօտեցումներ ձեռնարկէ ԱՄՆ հաստատութիւններու հետ, որու հետ մէկտեղ, եթէ ներքին նոր քաղաքական մթնոլորտ2 չառողջանայ եւ ճիշդ դիրքի չդրուի, ապա ո՛չ Թրամփը եւ ո՛չ մի այլ օտար երկրի նախագահ ընդունակ չէ եւ չի ցանկանար ներազգային մեր խնդիրները կարգաւորելու։
Ի դէպ, թոյլատրելի է ենթադրել եւ զգուշանալ, որ Թրամփի ՀՀ-ին գուրգուրալու նպատակը ոչ թէ մեզ սիրելն ու օգնելն է, այլ պատրուակ է հաշիւներ մաքրել Ռուսիոյ հետ, ծրագիր, որմէ ԱՄՆ չի կարողանար հրաժարուիլ 1945-էն ի վեր։ Ան կը ցանկանայ իր ծրագիրը իրագործել հարաւային Կովկաս ներգրաւուելով, որ միջոց էր երկրորդ ճակատ ունենալու։ Վրացիներու քաղաքական անկայուն վիճակը պատրուակ էր անոնց համոզելու, որ անյաջող փորձ էր, քանզի աւելի իմաստուն ըլլալով մեր հարեւանները ընտրած էին չէզոքութիւն ԱՄՆ-ի հետ՝ յարաբերութիւնները վատթարացնելու գինով։ Որմէ ետք փոխարէնը արագ ընտրուեցաւ ՀՀ եւ արագ կազմակերպեցին համատեղ ռազմական վարժութիւններ, հրաւիրելով Պաշտպանութեան Նախարարին ՆԱԹՕ, կցելով իրենց ներկայացուցչին ՀՀ պաշտպանութեան կազմին։
Բնական է, որ ՀՀ-ի հետ «բարեկամանալու» միակ նպատակը Ռուսիոյ հարուածել եւ տարածքէն հեռացնելը չէ, այլ նաեւ ամրապնդուիլ Կովկասի մէջ եւ ներմուծուելով թուրք, ռուս, պարսիկ եռակողմի գործունէութիւնը խախտելը (déstabilisation), քանզի որքան շատ բախումներ ըլլան ի սփիւռս աշխարհի, ԱՄՆ-ի համար շահաւէտ է։ Բացի այդ, Իրանին մերձենալն ու պատժելը լրացուցիչ նպատակ է, քանզի վերջինս իսլամական այն պետութիւններէն է, որոնք ԱՄՆ եւ Հրէաստանը դասած են սատանաներու շարքին։
Բացառուած չէ, որ Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցները հնարաւոր է իրագործել նաեւ Ատրպէյճանի տարածքէն, ուր հաստատուած են հրեայ զինավարժութեան բազմաթիւ կեդրոններ։ Այս ենթադրեալ կարծիքները փաստելը՝ ժամանակի կարօտ է։
Կը կարծեմ դժուար է ՀՀ-ի քաղաքական, տնտեսական կամ բարոյական խնդիրներու կողքին լռութեան մատնել այն ինչ որ կը կատարուի եկեղեցւոյ շուրջ։ Անոնք միայն Բագրատի ըրած խամաճիկի քայլերը չեն, որու ախորժակը աւելի գրգռուելով տարբեր տխմարութիւններ կը բացականչէ՝ յաճախ աններելի։ Բացի այդ դարձեալ կաթողիկոսական պատարագ մատուցուեցաւ 10 Նոյեմբեր կիրակի Էջմիածնի տաճարին, Արցախէն տեղահանուածներու կացութեան բարելաւման եւ իրենց տուն վերադարձը ապահովելու պատգամով, որու պատարագիչն էր ինքը՝ Արցախի հոգեւոր առաջնորդը։
Ոմանք դեռ չեն հասկնար, որ ներկայ պայմաններուն որեւէ վերադարձ կը նշանակէ ընդունիլ Ատրպէյճանի քաղաքացի դառնալու պայմանը, որ անժխտելի իրականութիւն էր մինչեւ 1994 թուականի մեր յաղթանակը։ Դրութիւնը տարբեր է 44-օրեայ դժոխքէն ետք եւ Արցախ վերադարձը՝ սոսկ անուրջ։ Կայ անհասկնալի եւ անհանգստացնող դրուագ մը։ Շրջող լուրերէն կը պարզուի, որ գաղթը ի գործ դնելէ առաջ Պաքուն դիմած է Ստեփանակերտին հանդիպել բանակցելու նպատակով։ Բայց վերջինները անյայտ պատճառներով մերժած են։ Թերեւս իրենք գիտեն, թէ ինչու եւ այսօր կը փորձեն պատարագ մատուցելով դուռ բանալ։ Այս դրուագը չի նշանակեր Ալիեւի բարեացակամութեան որեւէ քայլի կամեցողութիւն, քանի որ ան չի դադրիր սպառնալ արեւմտեան երկրներուն ՀՀ սպառազինելու մէջ՝ շեշտելով, որ իր զինուած ուժերը լիարժէք մարտական պատրաստութեան վիճակի են։ Եթէ որեւէ մէկը ցանկանայ փորձել՝ իր ջախջախիչ պատասխանը կը ստանայ, միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ իրենք պատերազմի ձգտում չունին, քանզի ստացան ի՛նչ որ կը ցանկանային։
Մեր պետական այրերը ամէն տեսակով մտածելու տեղ ունին եւ յուսանք բաւարար իմաստութիւն կ՚ունենան տիրող խառնաշփոթ պայմաններուն այնպէս նաւարկել, որ յարաբերութիւններու հաւասարակշիռ պայմանները մնան իրենց անհրաժեշտ մակարդակին։
Ա՛յդ է մեր գոյատեւելու արժեգինը։
1 Այն տրամաբանութեամբ, որ Պայտընը նեցուկ է Փաշինեանին քաղաքականութեան, մինչ Թրամփը 2020-ի պատերազմին մատը չշարժեց ի նպաստ Փաշինեանի։
2 Խօսքը իշխանութիւն-ընդդիմութիւն յարաբերութեան մասին է, որ հեռու է պարկեշտ ու անհրաժեշտ յարգալի մակարդակի ըլլալէն, ուր կը տիրէ թշնամական աւերիչ, քան երկիր վերակառուցելու մթնոլորտ լկտի ու լպիրշ դիմելաձեւով։