ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Փրոֆ. Կենչայ Կիւրսոյի «Մէկ Կեանք, Երեք Շրջան, Յուշեր-Վկայութիւններ» անուն գիրքը վերջերս լոյս տեսաւ «Իլեթիշիմ» հրատակաչութեան մատենաշարէն։ Պարզ ու հաղորդական ոճով մը գրի առնուած այս յուշերուն մէջ անուանի ակադեմականը բացի իր 83 տարիներու երկարող կեանքի դրուագներէն, մերթ ծննդավայր քաղաքի, մերթ ուսանած դպրոցներու կամ ԲՈՒՀ-երու եւ մերթ ալ իր անդամակցած քաղաքական շարժումներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ենթահողին վրայ կը լուսաբանէ բովանդակ երկրի 83 տարիները։ Թերեւս ալ աւելին, քանի որ պատմիչը իբրեւ մեկնակէտ կ՚ընդունի իր մեծ մեծ հայրը, որու միջոցաւ վկայութիւններ կը բերէ նաեւ Կարինի Օլթու գաւառէն, հայոց ցեղասպանութեան օրերէն դրուագներով։
Յուշագրութիւններու կարեւոր յատկութիւններէն մէկն ալ ընթերցողին հեղինակի ապրումներուն հետ զանազան բնագաւառներով զուգահեռներ յայտնաբերելն է։ Յուշագրութիւններու պարագային այս յատկութիւնը կը գերազանցէ թէ դարերը եւ թէ ցամաքամասերը։
Ծննդավայր Կարսէն Պոլիս, Պոլիսէն ալ դէպի Եւրոպայի հիւսիսային երկիրներ երկարող ապրումները համաշխարհային տեսադաշտ մը կը պարզեն ընթերցողին դիմաց։ Այսպէսով կը շրջինք 1968 թուին եռեւեփող Փարիզեան ցոյցերուն, կը փորձենք հետեւիլ Սորպոնի Համալսարնի մէջ Ժան Փոլ Սարդրի բանախօսութեան եւ ապա կ՚անցնինաք Բրահա, այս քաղաքի պատմական ապստամբութեան եւ ապա Վարշաւեան Ուխտի զինեալ ուժերու այդ ապստամբութիւնը կասեցնելուն։ Ուսանողական կրթաթոշակով ապահովուած գնացքի ամենաաժան սակի տոմսերով ամբողջ Եւորպան կը շրջինք։ Նաեւ Թուրքիոյ մէջ ականատես կ՚ըլլանք Թուրքիոյ Բանուորական Կուսակցութեան հիմնադրութեան գործընթացներու։
«Մերկ իրողութիւն մը կայ մեր դիմաց։ Երկրագունդի մէջ կեանքի յարատեւութեան, մարդու առողջութիւնը շուկայի բարբարոս սկզբունքներէն խնայելու համար բնապահպան, հաւասարութիւն պահանջող, զօրակցող եւ խաղաղապաշտ կամքի մը միջամտութիւնը անխուսափելի է։ Այս իրողութիւնը գերազանցած է համայնավարներու պայքարի տեսլադաշտը եւ համայն մարդկութեան համար գոյատեւման խնդրի մը վերածուած»։
Գրքի դարձերեսին տեղադրուած այս հատուածը կարելի է նաեւ մարդու արժանիքները, աշխատանքը եւ ճակտի քրտինքը գերադասող մտաւորականի մը յայտարարութիւնը համարել։
Յիրաւի Խորհրդային Միութեան տարանջատումը համայնավար գաղափարախօսութեան կործանումը ըլլալով մեկնաբանող քաղքենի մտայնութիւնը հիմա հակադրուած է ոչ միայն աշխատուժը կեղեքած բանուոր դասակարգին, այլ համաշխարհային մարդկութեան։ Շահի անյագ տենչը այժմ կը սպառնայ նաեւ բնութեան։ Գետերը, ստորերկրեայ ջրերը, անտառները նոյնիսկ շնչած օդը նոր լիպերալ դրամապաշտութեան համար շահի աղբիւրներ ըլլալով թալանի կ՚ենթարկուին։
Ճիշդ ալ այս պատճառաւ ջղային հիւանդութիւններու մասնագէտ Փրոֆ. Կենչայ Կիւրսոյ բժշկագիտական երկար ծառայութենէ ետք այժմ նոյն եռանդով կը շարունակէ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ազատութեան ձօնուած պայքարը։
«Մէկ Կեանք, Երեք Շրջան, Յուշեր-Վկայութիւններ» անուն գիրքը պարտինք գնահատել պայքարելու այս կամքին մէջ։ Մեզ սերունդակիցներուներու համար շատ խոր իմաստներ թաքնուած են այդ աւելի քան 500 էջերու մէջ։