Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 31 Օգոստոսին հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտօնակցին Սերգէյ Լաւրովի հետ։ Հանդիպման ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, ապահովութեան եւ կայունութեան ամրապնդման հարցերուն։ Մանրամասն անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 9 Նոյեմբեր 2020-ին ձեռք բերուած եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին, որ թոյլ տուած է դադրեցնել հակամարտութիւնը եւ զայն բերել քաղաքական կարգաւորման հուն։ «Համաձայնեցանք չթուլցնել ուշադրութիւնը Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն յառաջացնող գործօններու վերացումէն՝ ներառելով հայ ռազմագերիներուն վերադարձի եւ ականապատ տարածքներու քարտէսներու յանձնման հարցերու վերջնական լուծումը։ Հաստատուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներու հետագայ գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճան պէտք է առանց նախապայմանի ազատ արձակէ հայ գերիները։ «Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ նշուած է, որ պէտք է ազատ արձակուին այն պատերազմական գերիները, որոնք այդ պահուն գերի առնուեցան։ Այժմ ատրպէյճանցիները կը պահեն հայ զինուորներ, որոնց մեծամասնութիւնը գերի տարուած է Նոյեմբերի վերջը՝ յայտարարութեան ուժի մէջ մտնելէն ետք։ Սակայն, Ռուսիոյ նախագահը բոլոր հաղորդակցութիւններուն մէջ, ներառեալ Իլհամ Ալիեւի հետ զրոյցի մւ ընթացքին, այդ գծով ազդանշաններ կ՚ուղարկէ։ «Ատրպէյճանական կողմին կոչ կ՚ուղղենք՝ առանց նախապայմաններու ազատ արձակելու բոլորը, ինչ որ կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ ամրապնդելու այն վստահութիւնը, որուն կարիքը կայ այսօր։ Մենք պիտի շարունակենք հանդէս գալ այդ դիրքերէն, բայց, անշուշտ, վերջնական որոշումը մեզմէ կախեալ չէ», ըսաւ Լաւրով։
Այս ծիրին մէջ ան անդրադարձաւ հայկական կողմի նախաձեռնութեան՝ Ատրպէյճանին փոխանցելու ականապատ դաշտերուն քարտէսը՝ նշելով, որ իրենք աշխոյժ կերպով աջակցած են այս քայլին։ «Մենք կը կարծենք, թէ հիմա ալ կարելի է նման ընդառաջ քայլեր առնել, պարտադիր չէ մէկը միւսին կապել, այլ պարզապէս բարի կամքի դրսեւորումով ընդառաջ քայլի դիմել դրացիներուն նկատմամբ», ըսաւ Լաւրով։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան իր կարգին նշեց, որ Հայաստան արդէն վաղուց կատարեց իր ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ ազատ արձակեց ատրպէյճանցի բոլոր ռազմագերիները։ «Մենք կարծում ենք, որ Ատրպէյճանը եւս պէտք է վերադարձնի բոլոր հայ ռազմագերիներին եւ միւս պահուող անձանց։ Դա կարեւոր է ոչ միայն եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները կատարելու տեսակէտից, այլ նաեւ այն առումով, որ համատեղ վստահութեան մթնոլորտում արդէն հնարաւոր է քննարկումների այլ փուլի անցնել՝ բոլոր հարցերի կարգաւորման նպատակով։ Հայաստանը մէկ անգամ չի յայտարարել, որ մենք կարգաւորումը տեսնում ենք միայն խաղաղ բանակցութիւնների միջոցով»։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կը մեկնաբանէ Ատրպէյճանի այն յայտարարութիւնները, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրին մէջ պէտք է ըլլայ Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը՝ Միրզոյեան ըսաւ. «Ատրպէյճանի իշխանութիւնների փոխարէն ես կը կեդրոնանայի 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի եւ 2021 թուականի Յունուարի 11-ի եռակողմ յայտարարութիւններով արդէն իսկ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների կատարման վրայ։ Այս պահին խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ որեւէ բանակցութիւններ չի վարւում»։