Թուրքիոյ բազմաթիւ քաղաքներ յատկապէս ալ զբօսաշրջական տարածքի զանազան կեդրոններ ամառուայ ամենաշոգ օրերը անցուցին անտառային հրդեհներու փորձանքին հետ դէմ յանդիման մնալով։ Աղէտը նաեւ ստացաւ քաղաքական բնոյթ, քանի որ կառավարութիւնը իր կանխամիջոցներով խիստ անբաւարար մնացաթ էր աղէտին դիմաց։ Նաեւ քաղաքական յաւելեալ ճգնաժամ մը եւս ապրուեցաւ, երբ կարգ մը ազգայնական շրջանակներ առանց փաստացի տուեալի մը կարիքը զգալու, փորձեցին հրդեհի ծագումը վերագրել ահաբեկչութեան։ Անոնք կը պնդէին թէ հրդեհները ծագած են դիտումնաւոր կերպով։ Ի վերջոյ երկար ու դաժան պայքարէ մը վերջ այդ տարածքներու հրդեհը մասամբ մարեցաւ իր տեղը թողելով հրդեհներու նոր ալիքին մը, ուր այս անգամ կը բռնկէին քրտաբնակ քաղաքներու անտառները։ Հոս եւս լսուեցան պնդումներ անտառներու դիտումնաւոր հրկիզման մասին։ Տեղացիներ կը յայտնէին թէ Թրքական բանակը դիտումնաւոր կերպով կը հրկիզէր անտառները, այդ տարածքները բնական թաքստոցներ համարելով քիւրտ հայդուկներու համար։ Այս անգամ նոր լարուածութիւն մը կը յառաջանար հրդեհի մատնուած անտառը մարելու համար աշխատանքի լծուած կամաւորներու եւ անոնց արգելք ըլլալ ուզող զինուորներու միջեւ։ Երբեմն էջեր լեցնող բացատրութիւններով անգամ ուրացուող իրականութիւնները կը փաստուին նման պատահականութիւններով։
Թուրքիոյ տարբեր տարածքներու մէջ տեղի ունեցած հրդեհները ապացոյց մը եղան փաստելու թէ ինչ տեսակ խտարականութիւն մը կը տիրէ երկրի տարբեր հատուածներու անտառներու հանդէպ։ Երկրի թրքաբնակ տարածքներու անտառներուն բոցերու մատնուելուն դիմաց «Ճիկյարիս կրակ ինկաւ» ըսելով ողբացողները բլորովին անտարբեր կը մնան քրտաբնակ տարածքներու անհառներուն հրոճարակ դառնալու երեւոյթին դիմաց։ Խօսքով կամ քարոզչութիւնով երկրի ամբողջութենէն ճառողները ծառերուն դէմ անգամ դիւրաւ կրնան խտարականութիւն գործադրել։ Վերջապէս հազիւ լայնածաւալ բողոքներէ ետք է, որ իշխանութիւնը դիմեցին ծագած հրդեհը մարելու աշխատանքներուն, ուր արդէն բաւականի ընդարձակ տարածքներ կորսնցուցած էին անտառ կոչուելու յատկութիւնը։