Թուրքիոյ կրթական համակարգը 6 Սեպտեմբեր երկուշաբթի օր կը մեկնարկէ 2021-2022 ուսման տարեշրջանը։ 2020 թուականի Մարտ ամիսէն սկսալ առցանց դրութիւնով շարունակուող դպրոցական դաստիարակութիւնը երկար ընդհատումէ ետք այժմ պիտի կայանայ դէմ առ դէմ դրութիւնով։ Կրթութեան նախարարութիւնը ցարդ պատուաստ չստացող ուսուսցիչներու եւ պաշտօնէութեան համար պայման կը դնէ շաբաթը երկու անգամ թեսթաւորում։
Երբ որ երկրի մէջ վերստին թափ ստացած է համավակի չորրորդ տարբերակը, մտահոգութիւններն ալ զուգահեռաբար բարձրացած են։ Այս պահուն տակաւին յստակ չէ թէ շաբաթը երկու անգամ հիւանդանոց երթալով թեսթաւորուելու պարտադրանքը որքանով համոզիչ պիտի ըլլայ պատուաստումի դէմ յամառողներու կամքին։ Ըստ երեւոյթի նոր տարեշրջանը իր հետ պիտի բերէ նոր զարգացումներ, որոնք անկանխատեսելի են ներկայ պահուն։