ԷԼԻՖՍՈՒ ՏԻԼԵՔ ՇԵՆ
Բերկամոնի թատերական փառատօնը, որ կայացաւ 26-29 Օգոստոս թուականներու միջեւ կը մտադրէր այս հնադարեան բեմարուեստը պատմական քաղաքի բնապատկերին մէջ ներկայացնել հանդիսատեսին։ Ըստ իս փառատօնի անունին կցուած «միջազգային» կոչումը բաւականին յաւակնոտ էր, քանի որ ան նոյնիսկ չարժանացաւ աւանի բնակիչներու ուշադրութեան։ Փառատօնի ընթացքին ներկայացում եւ աշխատանոցները չորս խորագրի տակ հաւաքուած էին։ Բերկամոն- Պերլին խորագրին տակ երկու քաղաքներու միջեւ պատմական ու բարդ յարաբերութիւններու կիզակէտի մէջ ներկայացան ծագումով գաղթական արուեստագէտները եւ եբրեւ իրողութիւն գաղթը։ «Ասքլեփիոն» անունը կու գայ հնադարեան դարմանումի կեդրոնէ մը, համարեա ամբողջութեամբ պահպանուած եւ մեր օրերուն հասած անփիթատրոն մը՞ որ հիւրընկալեց հնադարեան ոճին համապատասխան ներկայացումներ։ «Միջամտութիւն» բաժինով ներկայացան տեղացի եւ օտար արուեստագէտներ։ Վերջապէս «Միասին գործենք» հատուածին մէջ քաղաքի բոլոր վայրերուն վրայ ներկայացուեցան հնադարեան այս քաղաքի բոլոր արհեստները։
Բերկամոնը հին դարերուն ունեցած է չորս հսկայ ամփիթատրոն։ Ներկայիս քաղաքը ունի 300 տեղանոց թատերասրահ մը միայն։ Ձեռագործ աշխատութիւններու հսկայ պաշար եւ աւանդութիւն ունեցող Բերկամոնի մէջ թատերական փառատօնի մը կազմուիլը անշուշտ որ գնահատելի պիտի ըլլար։ Պիտի ըլլար պիտի ըսեմ, քանի որ կազմակերպչական զանազան թերութիւններ ստուեր թողուցին կատարուած աշխատութեան վրայ։ Բերկամոնի այժսու բնակիչները ընդհանրապէս անտարբեր մնացին անցուդարձներուն։ Ներկայացումներուն հետեւողները առհասարակ դուրսէն եկողներն էին։ Փառատօնի ներկայացումներուն համար օգտագործուեցաւ Եապել Սինակոկը։ Բայց տող մը իսկ անդրադարձ չեղաւ Բերկամոնի հրեայ պատմութեան մասին։
«Բոկոտններ»ու թատերախումբը Ասքլեփիոնի ներկայացման ընթացքին մեզի յիշեցուց թէ որքան անպետ իրերով ծանրաբեռնուած կ՚ապրինք։
Փառատօնին մասնակցած էին արուամտի տարբեր փիւղերէ մասնագէտներ։ Անոնց մէջ ուշագրաւ էր Ճեւտեթ Էրէք, որ Բերկամոնի տաճարը մեկնաբանեց ձայնաւոր ճարտարապետութեան միջոցաւ։ «Պերկամա Սթերիօ» կոչեալ այս մեկնաբանութիւնը առաջին անգամ ներկայացուած էր 2019-ին Պերլինի մէջ։ Ան կրկնուեցաւ նաեւ 2020-ին Իսթանպուլ եւ հիմա կը նախատեսուի Բերկամոնի մէջ շատ աւելի երկարատեւ բեմադրութիւն մը։