ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Մենք խաղաղութեան կը կարօտինք

Խաղա­ղու­թիւն։ Ահա բառ մը, որ փո­խանակ իր բա­ցատ­րած սրբա­զան իմաս­տին վտանգ մը ըլ­լա­լով կը դի­տուի մե­րօրեայ քա­ղաքա­կան պայ­մաննե­րուն մէջ։ Թուրքիոյ իրո­ղու­թեան տե­ղեակ եղող­նե­րուն հա­մար զար­մա­նալի ոչինչ կայ այս հա­կասու­թեան մէջ։ Մարդկա­յին միտ­քը կը պա­հան­ջէ խա­ղաղու­թիւնը վե­րադա­սել բռնու­թեան դի­մաց։ Բայց ի՞նչ ընենք որ կարգ մը մշա­կոյթներ չա­փազան­ցե­լով անի­մաստ հե­րոսա­պատումնե­րը կռիւն ու պա­տերազ­մը փա­ռաբա­նած են եւ այ­րիշխան մտայ­նութեան մը մէջ խա­ղաղու­թիւն քա­րոզե­լը հա­մարած են թու­լութիւն կամ տկա­րու­թիւն։ Ան­շուշտ որ այս երե­ւոյ­թը պի­տի հա­կասէ հա­մաշ­խարհա­յին քա­ղաքակրթու­թեան։ Բայց ի՞նչ փոյթ։ Թշնա­մու­թե­նէ սնու­ցողնե­րը ամէն գնով փա­րած պի­տի մնան այդ կեղծ հե­րոսու­թեան, որ շատ ան­գամ կը կա­յանայ այ­լոց հո­գին ցա­ւեց­նե­լով։

Այս խոր­հուրդնե­րուն կը մատ­նուինք լսե­լով նախ Պա­քըր­գիւղի գա­ւառա­պետի եւ ապա շարք մը քա­ղաք­նե­րու կու­սա­կալ­նե­րու 1 Սեպ­տեմբեր թու­կա­նին յա­ջոր­դող օրե­րէն սկսեալ յայ­տա­րարած ար­գելքնե­րուն։ Օրեր առա­ջուց հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւններ պատ­րաստու­թիւններ կը տա­նէին 1 Սեպ­տեմբե­րի Խա­ղաղու­թեան Հա­մաշ­խարհա­յին Օրը հրա­պարակ­նե­րու վրայ յի­շելու հա­մար։ Գա­ւառա­պետը կամ կու­սա­կալ­նե­րը ճիշդ ալ այս ան­պա­տեհ ու վտան­գա­ւոր յի­շատա­կու­մին ար­գելք ըլ­լա­լու հա­մար է, որ կը դի­մեն նման ար­գե­լափա­կումնե­րու։ Ցա­ւալի է այս երե­ւոյ­թը, քա­նի որ ար­դէն Թուրքիոյ բան­տե­րու մէջ բազ­մա­թիւ հա­սարա­կական գոր­ծիչներ ար­գե­լափա­կուած են պար­զա­պէս խա­ղաղու­թիւն տեն­չա­լու մե­ղաթ­րանքով։

Թուրքիոյ մէջ խա­ղաղու­թիւն տեն­չող­նե­րու դէմ հա­կադ­րո­ւած մտայ­նութիւ­նը իրա­կանու­թեան մէջ ու­նի հա­մաշ­խարհա­յին նմա­նու­թիւններ։ Վեր­ջա­պէս այս մէ­կը ֆա­շիզ­մի յա­տուկ մեր­ձե­ցում մըն է եւ ամե­նու­րէք կը գոր­ծէ նման պատ­րո­ւակ­նե­րով կամ պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւննե­րով։ Պայ­մաննե­րը այնպէս պար­տադրե­ցին թէ ան­ցեալին ան­ջատ պայ­քա­րի դաշ­տեր ըլ­լա­լով ներ­կա­յացող զա­նազան նիւ­թեր այ­սօր ներ­կա­յանան նոյն տա­րազին մէջ։

Հա­մայ­նա­վար գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը ինքնին աշ­խա­տող դա­սակար­գի կե­ղեք­ման դէմ պայ­քա­րը կը խորհրդան­շէր, իսկ այ­սօր անոր վե­րագ­րո­ւած մարտնչե­լու դաշ­տե­րը շատ աւե­լի զա­նազան են։ Օրի­նակի հա­մար ան­ցեալին կի­ներու շա­հագործման երե­ւոյթնե­րուն դէմ կը պայ­քա­րէին ֆե­մինիստնե­րը։ Բնու­թեան անխնայ չա­րաշա­հու­մին դի­մաց կը պայ­քա­րէին բնա­պահ­պաննե­րը։ Խա­ղաղու­թեան պայ­քարն ալ կը վի­ճակէր հու­մա­նիստնե­րուն այ­սինքն մար­դա­սէր­նե­րուն։ Այ­սօր որ­քան ալ վա­րանումներ նկա­տուին այդ բո­լորը եկած են ամ­բողջա­կան պայ­քար մը լրաց­նե­լու, որու հասարակաց թշնա­մին նոր ազա­տամիտ դրա­մապաշ­տութիւնն է։ Ան է որ կը խրտչի խա­ղաղու­թեան քա­րոզ­չութե­նէ, ան է որ իր գո­յու­թեան հա­մար վտանգ ըլ­լա­լով կը դի­տէ կի­ներու գի­տակ­ցութեան բարձրա­ցու­մը։ Ու­րեմն աշ­խարհի նոր մար­տահրա­ւէրն ալ ու­զեն թէ չու­զեն պի­տի ըն­թա­նայ հա­մայ­նա­վար ու յե­ղափո­խական գա­ղափա­րախօ­սու­թեան մը ազ­դե­ցու­թեան տակ։

Մենք թեր­թը խմբագ­րութեան կը պատ­րաստենք 1 Սեպ­տեմբե­րի երե­կոյեան ժա­մերուն, իսկ ըն­թերցո­ղը այս տո­ղերը պի­տի կար­դայ հա­զիւ յա­ջորդ օր։ Բայց ի՞նչ փոյթ խա­ղաղու­թեան պայ­քա­րը սահ­մա­նուած չէ միայն մէկ օրով, այլ ի դէմ պահ­պա­նողա­կան մտքի ար­գելքնե­րուն պի­տի փոր­ձենք ամ­բողջ Սեպ­տեմբեր ամի­սը խա­ղաղու­թեան ձօ­նել։ Վասն զի յոգ­նած ենք ու­րիշնե­րու շա­հերուն հա­մար մղո­ւած պա­տերազմնե­րէն։ Մեզ աշ­խա­տող­նե­րուս հա­մար խա­ղաղու­թիւն է պէտք, այլ ոչ թէ յի­մար ար­շա­ւանքնե­րու երազ­նե­րով հրահ­րո­ւած պա­տերազմներ որոնց գլխա­ւոր նպա­տակն է հարստաց­նել զէնք ար­տադրողները միայն։

pakrates@yahoo.com