Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Օգոստոս 2021, Կիրակի, Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցանեց։ Պատմական այս առիթով, Նորին Ամենապատուութիւնը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն եւ արտայայտուեցաւ Մալաթիոյ մերազն Ժողովուրդի մասին։
Այս առիթով Պատրիարք Հայրը հրապարակաւ յայտարարեց իր Պատրիարքական տնօրինութիւնը, ըստ որում Հաթայի Ս. Եկեղեցաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանը նշանակուեցաւ որպէս Գաւառի Տեսուչ։ Պատրիարք Հայրը գնահատելով Տէր Հօր աշխոյժ ծառայութիւնը, որ պարբերաբար կը տանի նաեւ Մալաթիոյ եւ շրջանի քաղաքներէ ներս, հայրաբար թելադրեց որ Տէր Հայրը դառնայ Պատրիարքական Աթոռոյ եւ ժողովուրդի միջեւ կամուրջ մը։
Ծնունդով Իսքէնտէրունցի Աւետիս Քահանան, ձեռնասունն է Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր եւ իր ձեռամբ ամուսնացեալ քահանայ ձեռնադրուած է 2011-ին։ Յետ ձեռնադրութեան, պաշտօնի կոչուած է իր ծննդավայրին մէջ եւ սկսած՝ հոգեւոր հովուութեան Իսքէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանկունք եւ Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցեաց վրայ։ Իր ծառայութեան ընթացքին իրեն աջակցած է Երէցկին Հայկան Թապաշեանը եւ որպէս ծառայասէր ընտանիք հոգեւոր սնունդ կը մատակարարեն իրենց հոգեւոր խնամքին յանձնուած մեր համայնքի զաւակներուն։ Ներկայիս իր ծառայած եկեղեցիները դարձած են աւելի կազմակերպուած, ըստ որում եկեղեցիներու մէջ տեսանելի ներկայութիւն դարձած են՝ բարեկրօն ուրարակիր դպիրներ ու եկեղեցւոյ սպասաւորներ։
Ան, նաեւ պարբերաբար հովուական այցելութիւն կը շնորհէ Մալաթիոյ, Էլազըղի, Մէրսինի, Ատանայի եւ շրջակայ մերազն ժողովուրդի անդամներուն, իրեն ուղեկից ունենալով իր եղբայրը՝ Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեանը։ Բաց աստի, Տէր Հայրը Իսթանպուլէն հեռու ըլլալով հանդերձ, որպէս անդամը Պատրիարքական Աթոռոյս հոգեւորականաց դասուն, ամենայն բծախնդրութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Պատրիարքական Աթոռոյ վարկը բարձր կը պահէ իր ծառայութեան սահմաններուն մէջ, նաեւ վայելելով քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներու ու ժողովուրդի յարգանքը։
Ուրախութիւն է կարդալ Պատրիարքարանի այս տնօրինութիւնը, քանի որ Տէր Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան ինչպէս կը յիշուի Պատրիարքարանի գրութեան մէջ արժանի կերպով կը կատարէ իր առաքելութիւնը, որպէս հոգեւոր հովիւ Իսքէնտէրունի եւ Վաքըֆգիւղի համայնքներու։ Այս նոր պաշտօնակոչումով Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան կը ստանձնէ շատ աւելի ծանր եւ նուիրեալ պատասխանատուութիւն մը, որուն ինք արդէն պատրաստ էր երկար ժամանակներէ ի վեր։ Անցեալին Կեսարիոյ եւ Տիյարպեքիրի եկեղեցիները եւս ունէին իրենց հոգեւոր առաջնորդները, որոնք կը շրջէին նաեւ տարածքաշրջանի բոլոր քաղաքները եւ նոյնիսկ տնային պայմաններու մէջ կը կատարէին մկրտութիւններ, պսակադրութիւններ, յուղարկաւորութիւններ եւ տաղաւարի պատարագներ։ Աւելի ուշ, երբ այդ քաղաքներու հայ բնակչութիւնը նօսրացաւ նման ծառայութիւնը յանձն առած էին այցելու քահանաներու։ Իսկ վերջին տարիներուն այդ ծառայութիւնն ալ համարեա ամբողջութեամբ դադրած էր անտէրութեան մատնելով գաւառի հատուկենդ հայութիւնը։
Վստահ ենք թէ Տէր Աւետիս արժանի ժառանգորդը պիտի ըլլայ երբեմնի Տէր Կիրակոսներու, Տէր Արսէններու, Տէր Գրիգորներու, Տէր Շաւարշներու, Տէր Սերովբէներու, Տէր Միւրոններու կամ Պատուելի Հրանդ Կիւզելեաններու ուխտին։ Այս նոր առաքելութեան մէջ ուժ կարողութիւն եւ յաջողութիւն կը մաղթենք սիրելի Տէր Աւետիսին։