Մարդու Իրաւունքներու Միութեան Չանաքքալէի մասնաճիւղը 1 Սեպտեմբեր Խաղաղութեան Համաշխարհային օրուայ առթիւ ծրագրած է շարք մը միջոցառումներ։ Մինչեւ 21 Սեպտեմբեր երկարող միջոցառումներու շարքը մեկնարկեց 1 Սեպտեմբեր չորեքշաբթի ժամը 18.00-ին, քաղաքի խորհրդանիշներէն համարուող ժամացոյցի աշտարակի ներքեւ ընթերցուած մամլոյ յայտարարութիւնով։ Նոյն օր Եալը Հանի մէջ բացումը կատարուեցաւ թերթիս աշխատակից Օհաննէս Շաշկալի «Խաղաղութեան եւ Ժողովրդավարութեան գիծեր» խորագրեալ ցուցահանդէսին։
Նախաձեռնութեան կարեւոր միջոցառումներէն մէկն ալ պիտի կայանայ 11 Սեպտեմբեր շաբաթ երեկոյ, ուր Այշեկիւլ Տողան, Պորճու Գարագաշ, Էլչին Աքթոփրաք եւ Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճը պիտի զեկուցեն «Անսահման խաղաղութիւն՝ բեւեռացման, ցեղապաշտութեան եւ գաղթի ծիրէն ներս համատեղ կեցութեան հնարաւորութիւնները» նիւթին շուրջ։
Միջոցառումները աւարտին պիտի հասնին 21 Սեպտեմբեր երեքշաբթի երեկոյ Ժողովուրդի Պարտէզի մէջ կայանալիք «Խաղաղութիւն մանկանց հետ» ծրագիրով։