Հայաստանի հանրապետութեան յառաջիկայ հինգ տարիներու ծրագիրները ընդգրկող նախագիծը ընթերցուեցաւ Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հակիրճ տողերով նկարագրեց Հայստանի քաղաքական տնտեսական ընկերային համայնապատկերը։ Ծանօթ իրողութիւն է, որ Ազգային ժողովի մէջ կը տիրէ ոչ համերաշխ մթնոլորտ մը, իշխանութեան եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու միջեւ։ Շատ բնական երեւոյթ է ընդդիմադիրներու եւ իշխանութեան հակադրութիւնը։ Սակայն այդ բնականը իր մէջ կը պահանջէ սկզբունքային նուազագոյն քաղաքակիրթ կեցուածք։ Ահա այս է որ կը պակսի մեր քաղաքական դաշտէն իր տեղը զիջելով փոխադարձ հալածանքի։ Արդարեւ Ազգային Ժողովի վերջին նիստն ալ կայացաւ նման լարուածութեան մթնոլորտի մէջ։
Ստորեւ «Սիվիլնէթ» կայքէջէն արտատպելով կը ներկայացնենք յառաջիկայ հնգամեայ ծրագրի կարեւոր նիւթերէն մէկը համարուած արեւմտահայերէնի պահպանման մասին նախագծի մանրամասնութիւնները։
Կառավարութիւնը կը նախատեսէ դիտարկել Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի կարգավիճակ տալու օրէնսդրական հնարաւորութիւնները։ Այս մասին նշուած է գործադիրի հնգամեայ՝ 2021-2026 թթ. գործունէութեան ծրագրին, որ հաստատուած է Օգոստոսի 18-ի նիստին եւ դեռ պէտք է արժանանայ Ազգային ժողովի հաւանութեան։
«Սփիւռքի հետ կապեր»ու վերաբերեալ բաժնին կ՚առաջարկուի «կազմակերպել արեւմտահայերէնի պահպանութեան ուղուած կրթական եւ գիտական միջոցառումներ, որոնց շնորհիւ ամրապնդուելու է արեւմտահայերէնի կարգավիճակը բարձրագոյն կրթութեան, հանրակրթական եւ լրացուցիչ ուսումնական ծրագրերուն»։ Այլ մանրամասներ չկան այս գաղափարի վերաբերեալ ծրագրի մէջ։
Սահմանադրութիւնը կ՚ամրագրէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն հայերէնն է։ Գրական հայերէնը ունի երկու ճիւղ՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն։ «Լեզուի մասին օրէնք»ին շեշտադրուած է հէնց գրական հայերէնի խրախուսման ու տարածման վրայ։ Մասնաւորապէս օրէնքով ամրագրուած է, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզուն գրական հայերէնն է։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նպաստէ ժամանակակից գրական հայերէնի կանոնարկման, բառակերտման, տերմինաբանութեան (եզրաբանութեան), ուղղագրութեան, ուղղախօսութեան, տառադարձութեան եւ կէտադրութեան կանոնարկման սկզբունքներու մշակման։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նպաստէ հայերէնի ուղղագրութեան միասնականացման»։
Լեզուի մասին ՀՀ օրէնքը յատուկ չի նշեր, թէ գրական ո՞ր հայերէնի մասին է խօսքը, թէեւ կարելի է ինքնաբերաբար վերաբերի երկուքին ալ։
Ուշագրաւ է, որ կառավարութեան 2019-ի ծրագրին նման դրոյթ չկար։ Նաեւ ամրագրուել էր, որ «Կրթական եւ մշակութային քաղաքական առանցքային նպատակը պէտք է ըլլայ գրական հայերէնի տարածումը, նախադպրոցական եւ դպրոցական ցածր տարիքի լսարանի համար յատուկ ծրագրերու (ուսումնական, ճանաչողական հաղորդումներ, ֆիլմեր, մուլտֆիլմեր եւ այլն) միջոցով գրական հայերէնի (այդ թիւն՝ արեւմտահայերէնի) իմացութեան ամրապնդումը Հայաստան եւ սփիւռք»։
Արեւմտահայերէնի վերաբերեալ դրոյթ ամրագրած էր նաեւ Սերժ Սարգսեանի կառավարութիւնը՝ 2017-2022-ի ծրագրին, սակայն օրէնսդրական փոփոխութիուններու մասին նախկինին չէ խօսուածլ։ Մասնաւորապէս կը նշուէր, որ կառավարութիւնը նպատակ ունի «2018-2022 թուականներու ընթացքին իրականացնել սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացներ, ստեղծել եւ տարածել արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն ուսուցողական հոլովակներ, համայնքներուն տրամադրել ուսուցողական ձեռնարկներ, դասագրքեր եւ այլ նիւթեր՝ սփիւռքահայ երիտասարդներու շրջանին հայերէնի բաւարար իմացութեան մակարդակի բարձրացման նպատակով»։