1789-ի Ֆրանսական մեծ յեղափոխութենէ ետք արար աշխարհ մէկ կողմ շպրտեց յեղափոխութեան հիմնը դարձած կարգախօսը եւ սկսաւ փառաբանել ազգային կոչուած իբրեւ թէ սրբութիւնը։ Մինչդեռ յեղափոխութեան ոգին կ՚արտացոլուէր «Ազատութիւն, հաւասարութիւն եւ արդարութիւն» կարգախօսով։ Յեղափոխութիւնը վերջ տուաւ աւատապետական փառքերով եւ տարանջատուած մենատիրութիւններու։ Անոնց տեղ կազմուեցան ազգային պետութիւններ եւ նոյնիսկ շատ անգամ հանրապետութիւններ։ Ապա այդ ընթացքին մէջ է որ աճեցաւ մարդկային մտքի ամենաթունաւոր գաղափարներէն մէկը՝ ազգայնականութիւնը։ Առանց շատ ուշանալու ան ունեցաւ նաեւ իր թագ ու պսակը, որ կը կոչուի ցեղապաշտութիւն կամ աւելի տարածուն համաշխարհային տերմինով ռասիզմ։ Շատեր միամիտօրէն կը կարծեն թէ ազգային կամ ագզայնական կոչումները կու գան բացատրելու իր ազգը սիրելու երեւոյթը։ Սա մեր ժամանակներու մեծագոյն սուտն է, որովհետեւ ազգայինը կը սնանի ուրիշ ազգերու հանդէպ նախատինք եւ ատելութիւնով։ Ազգայինը կը ձգտի ինք ու իր պատկանած ազգը վեր դասելու տխմար մարմաջին։ Այդ մարմաջով հետզհետէ կ՚աճեցնէ թշնամութիւն եւ նողկանք ուրիշներու հանդէպ։ Ի վերջոյ ընդունելու ենք թէ ազգասիրութիւն կոչուածը պարտաւոր է մարդասէր ըլլալու։ Այս հաստատումները յարատեւ օրակարգ մը կը կազմեն մեր դիմաց։ Իսկ երբեմն դէպքերու զարգացումը անոր կը շնորհէ գերազանց այժմէականութիւն։ Աֆղանստանի մէջ պատահածները ոչ թէ աֆղան ժողովուրդի յետամնացութեան, այլ այդ երկիրը յետամնացութեան դատապարտելէ յոյսեր ակնկալողներու չար արարքն է։
Ափսոսանքով կը նկատենք թէ կան մարդիկ որոնք զարմանքի կը մատնուին հայ թերթի մը էջերուն վրայ Աֆղանստանի զարգացումներուն այսքան լայն արծարծուելուն։ Իրենց միամտութեան ամենահետաքրքրական դրսեւորումը կը յայտնուի «Մեզի հետ ի՞նչ կամ ունի որ» զարմանքի շեշտադրութիւնով։
Վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ։ Որո՞ւ եւ ի՞նչ եղանակով պատմեմ թէ երկրագունդը բոլորիս տունն է եւ այդ տան որեւէ մէկ անկիւնի փորձանքը իր բնական հետեւանքները կ՚ունենայ մեր առօրեային վրայ ալ։ Մանաւանդ որ սեփական երկրի իբրեւ թէ անվտանգութիւնը ապահովողները ուղղակիօրէն մեղաւորներն են այլ երկիրներու մէջ գործուած չարիքներուն։
Հասկնալի է, մարդիկ չեն ուզեր իրենցմէ այդքան հեռու կատարուած չարիքներու մեղքը ստանձնել։ Բայց իրողութիւնը կը մնայ անփոփոխ։ Աֆղանստանի այս օրը 20 տարի առաջ ծրագրուեցաւ ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարութեան հնգանկիւն շէնքի նկուղային նրբանցքներուն մէջ։ Ուրեմն իւրաքանչիւրս ունինք մեր պաիասխանատուութեան բաժինը։ Այլ խօսքով բոլորս ձեւով մը պարտական ենք անելի մատնուած աֆղան կանանց հանդէպ։
Պահը անգամ մը եւս զօրակցութիւն կը թելադրէ։ Զօրակցութիւն յանուն խղճի ազատութեան։ Զօրակցութիւն յանուն «մարդ» կոչումի արդարացման։ Հազիւ գերազգային սկզբունքներով կարելի պիտի ըլլայ ոչ միայն ազգային, այլ համամարդկային արժանիքներու վերահաստատումը։